«ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐ»՝ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Ե. դասարանի ֆրանսերէն լեզուին տարեկան ծրագիրին մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ «մարդու իրաւունքներ» նիւթը. հետեւաբար լաւապէս աշխատելէ ետք այս ծիրէն ներս, աշակերտները այս նիւթին շուրջ կատարեցին խմբային աշխատանքներ, ուր անոնք ներկայացուցին նշանաւոր դէմքեր, որոնք իրենց կեանքին ընթացքին պաշտպանած են մարդու իրաւունքները:

«ՄՀԵՐ ՋՈՒԼՀԱՃԵԱՆ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՇԱՐԱԴՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻՆ ՍԵԼԻՆ ՔԻԼԷՃԵԱՆ ԵՒ ՄԵՂՐԻ ԳԱՍԱՊԵԱՆ ՝ ԱՌԱՋԻՆ, ՆԱՐՕՏ ԳԱՆՏԱՔԱՐՃԵԱՆ ԵՒ ԱՐՄԷՆ ՄԽՃԵԱՆ՝ ՊԱՏՈՒՈՅ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Արցախեան պայքարի ազատամարտիկ, լիբանանահայ նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած աշակերտական շարադրական մրցանքին Ճեմարանի երկրորդական բաժինէն Սելին Քիլէճեան հանդիսացաւ առաջին: Միջնակարգէն՝ Մեղրի Գասապեան հանդիսացաւ առաջին, իսկ Արմէն Մխճեան արժանացաւ պատուոյ յիշատակութեան: Նախակրթարանէն Նարօտ Գանտաքարճեան արժանացաւ պատուոյ յիշատակութեան:

ՈՍՏԻԿԱՆ ԿԱՐՕՆ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 1 Նոյեմբեր 2024-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզ այցելեց ոստիկան Կարօն: Ան կապոյտ դասարաններու փոքրիկներուն ներկայացուց ոստիկանին տարազը եւ խօսեցաւ ոստիկանին պարտականութիւններուն մասին:

ԴՊՐՈՑԻ ՄԸ ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ե. դասարանի աշակերտները ծանօթանալէ ետք 1800-ականներու Տէր Թոդիկի դպրոցին, ինչպէս նաեւ՝ 2200-ականներու ենթադրեալ դպրոցին, սորվեցան գրել դպրոցի մը նկարագրութիւնը, ապա ուղղուեցան Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուր, ուր ծանօթացան կառոյցի տարբեր մասերուն եւ մանուկներու դպրոցական ծրագիրին։ Այցելութենէն ետք, անոնք վերադարձան դասարան եւ նկարագրական շարադրութիւն մը գրեցին իրենց տեսած…

ՄԵՐ ԱՍՏՂԱՆԱՒՈՐԴՆԵՐԸ

Աշխարհագրութեան դասապահերը ընթացք առին մեծ խանդավառութեամբ: 2024-2025 տարեշրջանի Դ. դասարանի աստղանաւորդները , նախ ուղղուեցան դէպի միլիառաւոր տարիներ առաջ ստեղծուած տիեզերքը, ուր կը գտնուին երկնաքարեր, ասուպներ, Արեգակն ու իր ընտանիքը, որ կը կազմուի ութ մոլորակներէ՝ Փայլածու, Արուսեակ, Երկիր, Հրատ, Լուսնթագ, Երեւակ, Ուրանոս, Նեբթոն. ուսումնասիրեցին արեգակնային դրութիւնը, ապա լաւ ծանօթացան…

ԴԷՊԻ ԱՐԱՐԱՏ

Միջնակարգի Ը. դասարանի հայերէն լեզուի հատուածներէն Գրիգոր Զօհրապի «Ալպեաններն ի վեր» դասին կապակցութեամբ` Երկուշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2024-ին, աշակերտները իրենց հայերէնի դասապահուն հանդիպում ունեցան Արարատ լեռ բարձրացած` Թ. դասարանի աշակերտներէն Վեհ-Քրիստ եւ Գալէ- Դրոյ Հարպոյեաններուն հետ: Անոնք նախ խօսեցան լեռնագնացութեան, լեռնագնացներու ֆիզիքական պատրաստութեան մասին եւ հեռարձակումով ցոյց տուին լեռնագնացներու…

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու 17 Սեպտեմբեր 2024-ի վերամուտը շաբաթ մը ետք ընդհատուեցաւ Լիբանանի մէջ տիրող պատերազմական վիճակին պատճառով: Երկուշաբթի, 7 Հոկտեմբերին, Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան յայտարարութեան ընդառաջելով, համեմատաբար խաղաղ շրջաններու մէջ դպրոցները հետզհետէ վերսկսան սովորական դասաւանդութեան: Ճեմարանը նոյնպէս, այս արտակարգ պայմաններուն…

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը կը գուժէ Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ բարերար, մանկաբոյժ՝ ՏՈՔԹ. ԱՏՐԻՆԷ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2024-ին, Երուսաղէմի մէջ: Տոքթ.Ատրինէ Գարագաշեան ծնած է 1927-ին, Լիբանան: Լեւոն Շանթի տնօրէնութեան շրջանին,  շրջանաւարտ դարձած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանէն, որմէ ետք՝ բժշկական համալսարանէն: 1951-էն մինչեւ…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Երկուշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2024-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի անձնակազմի վերամուտի ժողովը, վերանորոգուած «Պոլեան» սրահին մէջ: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան անցնող տարեշրջանի իրագործումներուն մասին հակիրճ ակնարկէ մը ետք, անդրադարձաւ 2024-2025 տարեշրջանին վերաբերող փոփոխութիւններուն եւ նորութիւններուն: Ան ողջունեց դպրոցի անձնակազմին միացած ուսուցիչները եւ փոխանցեց Ճեմարանի կրթական…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՐԱՐԱՏԻ ԳԱԳԱԹԻՆ

Ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը յայտնենք, որ Արարատի գագաթը նուաճած Ճեմարանի շրջանաւարտներուն երթը կը շարունակուի, այս անգամ միջնակարգի աշակերտներ Հարպոյեան եղբայրները իրագործեցին իրենց երազը եւ հասան գագաթ: Ստորեւ Հարպոյեան եղբայրներուն տպաւորութիւններէն մէջբերումներ. «Հպարտ եմ այս իրագործումով, որ կեանք մը կ’արժէ եւ քայլ մը աւելի հայ կը դարձնէ»։ (Կարի Քանըր…

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ՏԷՐ ՄԵՍՐՈՊ ՔՀՆՅ. ԼԱԳԻՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 6 Օգոստոս 2024-ին Ճեմարան այցելեցին Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան եւ իր եղբայրը` Այնճարի թաղապետ Յարութ Լագիսեան։ Անոնք հանդիպում ունեցան տնօրէնութեան եւ Ճեմարանի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատուին հետ եւ շրջեցան Ճեմարանի զանազան բաժանմունքները։ Յայտնենք, որ տէր Մեսրոպ Լագիսեան միշտ քաջալեր…

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը խոր ցաւով կը գուժէ Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ վաղեմի ուսուցիչ, մտաւորական ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 8 Օգոստոս 2024-ին։ Տնօրէնութիւն