ԱՐՍԼԱՆԵԱՆՆԵՐԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 21 Փետրուար 2014-ին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը, Ճեմարանի Տնօրէնութիւնը, խնամակալութինը, ուսուցիչներն ու պաշտօնեաները հիւրընկալեցին Արսլանեան Ճեմարանի 25 ամեակին առիթով յատուկ Լիբանան ժամանած Տէր եւ Տիկին Րաֆֆի Արսլանեաները եւ Տէր եւ Տիկին Ատոմ ու Սելլա Թնճուկեանները: Ճեմարանի գրադարանին մէջ ուսուցչական կազմին հետ հանդիպումէ մը ետք, այցելուները տնօրէնութեան ընկերակցութեամբ շրջեցան դպրոցի զանազան բաժինները՝ գրասենեակներ, դասարաններ, մանկապարտէզ, մանկամսուր, դարմանատուն, եւայլն: Ի տես Ճեմարանի բարագաւաճման, անոնք ուրախ եւ գոհունակութեամբ մեկնեցան դպրոցէն: