NULL

Յարգելի բարեկամ, Սոյն նամակով կը դիմենք ձեզի, ներկայացնելու համար Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2012-ի շրջանաւարտներէն Յակոբ Հաճաքեանի առողջական բարդ պարագան: Յակոբը, որ այժմ 20 տարեկան է, 2013-ի Յուլիս ամսուն, տունէն դէպի համալսարան ճամբուն վրայ ենթարկուեցաւ ինքնաշարժի արկածի մը, որուն հետեւանքով անդամալուծուեցաւ: Այդ օրէն ի վեր, ան նոյն վիճակին մէջ է, եւ հակառակ բժշկական լուրջ խնամքին եւ բարդ վիրաբուժական գործողութիւններուն, տակաւին կարելի չէ եղած վերականգնել անոր շարժելու եւ քալելու կարողութիւնները: Երկուշաբթի 3 Փետրուար 2014-ին Յակոբը պիտի ենթարկուի չորրորդ վիրաբուժական գործողութեան մը, որ ըստ բժիշկներուն կրնայ խոստմնալից ըլլալ՝ զինք իր անդամալոյծ վիճակէն փրկելու գծով: Անկէ ետք Յակոբը տակաւին կարիքը ունի միամեայ ֆիզիքական դարմանումի (մարձում), առօրեայ դրութեամբ: Այս բոլորը պիտի օգնէ, որ ան կարենայ վերագտնել իր առողջութիւնը եւ շարժելու ու քալելու կարողութիւնը: Ճեմարանը բարոյապէս եւ նիւթապէս նեցուկ կը կանգնի Յակոբին: Ներքին ճիգերով, Ճեմարանի ընտանիքը կրցաւ գոյացնել նիւթական օժանդակութեան որոշ գումար մը: Հանգանակութիւն կատարուեցաւ նաեւ «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանէն յատուկ յայտագիրով մը, որուն ընթացքին մեծ թիւով լիբանանահայեր իրենց օժանդակութիւնը բերին կազմակերպուած դրամահաւաքին: Սակայն նիւթական բեռը շատ ծանր է եւ այս ընթացքը տակաւին նիւթական մեծաթիւ գումարներու կը կարօտի: Առ այդ, կը դիմենք ձեզի, որպէսզի դուք նաեւ օժանդակէք այս մարդկային նպատակին, քաջ գիտակցելով, որ իւրաքանչիւրին ներդրումը կրնայ օգնել Յակոբին՝ վերագտնելու իր առողջութիւնը: Կանխայայտ շնորհակալութիւն ձեր հասկացողութեան եւ ազնիւ վերաբերումին համար: Ճեմարանի ուսուցիչներ