Թ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԴԱՍԵՐՈՒ ԱՒԱՐՏ

Ուրբաթ, 17 Մայիս 2024-ին, միջնակարգի Թ. դասարաններու աշակերտներուն դպրոցական տարեշրջանը աւարտեցաւ։ Կէսօրուան ժամը 1։00-ին, աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Նորսիկեան մանկապարտէզի պարտէզը, ուր միասնաբար ճաշեցին, պարեցին եւ հաճելի ժամանակ անցուցին: Ապա աշակերտները մեկնեցան դպրոցէն՝ պատրաստուելու համար ամավերջի քննութիւններուն։  

ՄԵՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱՇԱԼԻ ՄԱՏՆԵՐԸ

Աշխարհագրութիւնը աշակերտին քննական մտածողութիւնը զարգացնող, հետաքրքրութիւնը արթնցնող դասանիւթ մըն է: Ան կը պարփակէ բնավայրերուն, շրջապատին, մակերեւոյթին եւ երկրագունդին բնակչութեան մասին գիտելիքներ. կը զարգացնէ նաեւ մշակոյթի, միջավայրի եւ շրջապատի ըմբռնումն ու լաւ ծանօթացումը: Աշխարհագրութիւնը կը նպաստէ աշակերտին հաղորդակցութեան, կը բարելաւէ անոր մասնակցութիւնը, առիթ կը ստեղծէ խորհրդակցութեան:   Աշխարհագրութեան դասանիւթի…

ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 32-ԱՄԵԱԿ ԵՒ «Ո՛Չ ՀՈՂԱՅԻՆ ԶԻՋՈՒՄՆԵՐՈՒ»

Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2024-ին, Ճեմարանի միջնակարգի եւ երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտները նշեցին Շուշիի ազատագրութեան 32-ամեակը: Արցախի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, խօսք առաւ Ժ. դասարանէն Պաղտիկ Պաղտասարեան եւ ըսաւ. «Ամէն տարի, այս օրը հպարտութեամբ եւ յուզումով կը յիշենք այս հարսանիքը կերտողներէն ճեմարանական Վիգէն Զաքարեանի նահատակութիւնը 8 Մայիսին: Վիգէնի եւ…

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՕՐ

Հինգշաբթի, 2 Մայիս 2024-ին տեղի ունեցաւ «Մարզական Օր» Ճեմարանի բոլոր բաժիններուն մէջ։ Ամբողջ օրուան ընթացքին կիրարկուեցան զանազան մարզախաղեր Ճեմարանի եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ: Աշակերտ, մարզիչ, ուսուցիչ, պաշտօնեայ եւ շրջանաւարտ ձեռք-ձեռքի տուած  հաճելի եւ դաստիարակիչ օր մը անցուցին:

«ԱՐՑԱԽԻ ՁԱՅՆԵՐ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 29 Ապրիլ 2024-ին, Ճեմարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայ գտնուեցան «Արցախի Ձայներ» երաժշտական խումբի աշակերտական համերգին: Երեքշաբթի, 30 Ապրիլին «Արցախի Ձայներ» խումբը այցելեց Ճեմարան: Խումբի անդամները տնօրէնութեան ընկերակցութեամբ շրջեցան դպրոցին մէջ, հիացմունքով դիտեցին մեծ պատի մը վրայ աշակերտներուն մատներով դաջուած Արցախի խորհրդանիշ…

ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՆԳ

Երկուշաբթի, 29 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Ճեմարանի բացօթեայ խաղավայրին մէջ, տեղի ունեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն կազմակերպած հրաժեշտի խորովածի երեկոն՝ տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ ուսուցիչներու ներկայութեամբ։ Յաջորդ օրը երկար սպասուած վերջին զանգի օրն էր: 30 Ապրիլի առաւօտեան աւարտականները  դպրոցին մուտքին ուրախութեամբ դիմաւորեցին աշակերտութիւնն ու անձնակազմը, ապա մեկնեցան դէպի Նշան Փալանճեան Ճեմարան,…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՐԵՐԸ, ԽԱՉՔԱՐԵՐՆ ՈՒ ԽԱՉՔԱՐԱԳՈՐԾ ՆԱՐԻՆԷՆ

Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2024-ին,  Հայաստանի Աշխարհագրութեան դասապահուն անակնկալօրէն  Ե. դասարան այցելեցին Գիւմրիէն ժամանած Ճեմարանաւարտ եւ առաջին խաչքարագործ հայուհի Նարինէ Փօլատեանն ու իր ամուսինը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան Հասարակական խորհուրդի անդամ Ժորա Աբգարեանը: Նարինէն աշակերտներուն հետ մտերմիկ զրոյցի ընթացքին պատմեց, թէ ի՛նչպէս որոշեց երթալ Հայաստան եւ հոն շատ պատահաբար…

ԲԱՆԱԿԸ ՈՐՊԷՍ ՀԶՕՐ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՔ

Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2024-ին  Պատմութեան դասապահուն (Histoire), Զ. դասարանը հաճելի անակնկալն էր հիւրընկալ Գիւմրիէն ժամանած Ճեմարանաւարտ եւ առաջին խաչքարագործ հայուհի Նարինէ Փօլատեանն ու իր ամուսինը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան Հասարակական խորհուրդի անդամ Ժորա Աբգարեանը: Խօսակցութեան ընթացքին ծանօթանալով Զ. դասարանի այդ շաբթուան պատմութեան դասանիւթին՝ «Հռոմէական Կայսրութեան ծնունդն ու հզօրացման…

ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ՝ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ. «ՅԻՇԵՑԷ՛Ք ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ, ԲԱՅՑ ԱՆՈՎ ՄԻ՛ ԽԵՂՃԱՆԱՔ»:

Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2024-ին, Ճեմարանի տնօրէնութիւնը հիւրընկալեց Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, պատմաբան Աշոտ Մելքոնեանը, իբրեւ պատգամախօս միջնակարգի եւ երկրորդականի ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին: Ճեմարանի հայոց պատմութեան ուսուցչուհի Ամալիա Մարտիկեան բացման խօսքէն ետք ներկայացուց հիւրը եւ զինք բեմ հրաւիրեց: Աշոտ Մելքոնեան աշակերտներուն ուղղած իր պատգամը սկսաւ ազգ հասկացողութեան…

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ

Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, տարրական բաժինի աշակերտները մոմեր վառեցին եւ իրենց պատրաստած անմոռուկ ծաղիկները զետեղեցին դպրոցի մուտքին՝ նահատակ մտաւորականներուն բարձրաքանդակներուն առջեւ։ Նոյն առիթով, հայերէն լեզուի դասատուն փոխանցեց իւրաքանչիւր նահատակ մտաւորականին մասին հակիրճ տեղեկութիւններ։ Ապա անոնք ուղղուեցան դէպի Մայրավանք, ուր ծաղկեփունջեր զետեղեցին Ս. Ստեփանոս մատրան առջեւ, որմէ…

ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ

Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, Երեքշաբթի, 23 Ապրիլին, մանկապարտէզի Կանաչ դասարանի փոքրիկները այցելեցին Պիքֆայայի վանքը, իսկ վարդագոյն եւ կապոյտ դասարաններու փոքրիկները ծաղիկներ զետեղեցին դպրոցի մուտքին՝ նահատակ մտաւորականներուն բարձրաքանդակներուն եւ ծիծեռնակաբերդի մանրակերտ յուշակոթողին առջեւ։

ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ

Երկուշաբթի, 22 Ապրիլ 2024-ին, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները քայլարշաւով մեկնեցան դէպի Անթիլիասի Մայրավանք, ուր մասնակցեցան լիբանանահայ վարժարաններուն Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի աշակերտական հաւաքին: