«ԱՐՑԱԽԻ ՁԱՅՆԵՐ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 29 Ապրիլ 2024-ին, Ճեմարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայ գտնուեցան «Արցախի Ձայներ» երաժշտական խումբի աշակերտական համերգին:

Երեքշաբթի, 30 Ապրիլին «Արցախի Ձայներ» խումբը այցելեց Ճեմարան: Խումբի անդամները տնօրէնութեան ընկերակցութեամբ շրջեցան դպրոցին մէջ, հիացմունքով դիտեցին մեծ պատի մը վրայ աշակերտներուն մատներով դաջուած Արցախի խորհրդանիշ Մամիկն ու Պապիկը, ապա «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցան աշակերտութեան հետ: Յուզիչ էր պահը, երբ աշակերտները դիմաւորեցին զիրենք զօրակցական խօսքերով, ինչպէս՝ «Ձեր պայքարը մեր պայքարն է»…: Ապա միասնաբար երգեցին արցախեան երգեր: Հանդիպումը աւարտեցաւ «Հայեր միացէք» երգով եւ Արցախի քայլերգով:

Աշակերտներուն հետ հանդիպումէն ետք, տնօրէնութեան կողմէ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որմէ ետք խումբը շարունակեց իր շրջագայութիւնը դպրոցին տարբեր կառոյցներուն մէջ: