ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՆԳ

Երկուշաբթի, 29 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Ճեմարանի բացօթեայ խաղավայրին մէջ, տեղի ունեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն կազմակերպած հրաժեշտի խորովածի երեկոն՝ տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ ուսուցիչներու ներկայութեամբ։

Յաջորդ օրը երկար սպասուած վերջին զանգի օրն էր: 30 Ապրիլի առաւօտեան աւարտականները  դպրոցին մուտքին ուրախութեամբ դիմաւորեցին աշակերտութիւնն ու անձնակազմը, ապա մեկնեցան դէպի Նշան Փալանճեան Ճեմարան, ուր զիրենք դիմաւորեց Ճեմարանի շրջանաւարտ, երկար տարիներու ուսուցիչ եւ պատասխանատու Նորայր Նաճարեան: Ան անդրադարձաւ Ճեմարանի պատմականին եւ տեղեկութիւններ տուաւ կառոյցին ու հոն զետեղուած քանդակներուն մասին: Ապա աւարտականները այցելեցին Ֆըրըն Շըպպէքի ազգային գերեզմանատան մէջ գտնուող Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի դամբարանները, ուր երգեցին Ճեմարանի քայլերգը։ Անոնք այցելեցին նաեւ Բարսեղ Կանաչեանի եւ Ճեմարանի վաստակաշատ կրթական պատասխանատու Օրդ. Ալիս Գազանճեանի դամբարանները: Այցելութիւններու յաջորդ հանգրուանը Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատունն էր, ուր նոյնպէս իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին եւ աղօթեցին ի յիշատակ Ճեմարանի վաստակաշատ դէմքերուն, Լիզպոնի նահատակներուն, ինչպէս նաեւ` վերջին տարիներուն Ճեմարանի մեծ ընտանիքէն վաղաժամ բաժնուած իրենց ընկերներուն՝ Կարէն Խիւտավերտեանին, Նժդեհ Մերտխանեանին եւ Զաւէն Թորթեանին:

Ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ճաշելէ ետք, աւարտականները վերադարձան դպրոց եւ պատրաստուեցան վերջին զանգին։ Վերջին պահուն, Ճեմարանի մեծ ընտանիքին՝ շրջանաւարտներուն, ծնողներուն, անձնակազմին եւ աշակերտութեան ներկայութեան, անոնք պարերով, ուրախ կանչերով, բայց յուզուած ներաշխարհով հրաժեշտ տուին իրենց դպրոցական կեանքին։