ՌՈՒԲԷՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԴԻՐՔՈՐՈՇՄԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԻ ՄՐՑԱՆԱԿ (POSITION PAPER AWARD) MODEL UNITED NATIONS (MUN) ԾՐԱԳՐԻՆ

Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտական պատուիրակութիւն մը (Ժ. դասարանէն)այս տարի եւս մասնակցեցաւ Լիբանան-Ամերիկեան Համալսարանի (LAU) նախաձեռնած Model United Nations (MUN) ծրագրին: Այս ծրագրի գործնականացման հանդիպումներուն, աշակերտները խորացուցին իրենց գիտելիքները Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մասին, անոնք սորվեցան քաղաքացիական պատասխանատուութիւն ստանձնել, սորվեցան  տագնապներու խաղաղ լուծման ուղղուած բանակցութիւններ վարելու, երկիրներու…

ՄՀԵՐ ՓԵԼԹԷՔԵԱՆԻ ԵՒ ՆԱՐՕՏ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆԻ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐԸ

Շաբաթ, 3 Մարտ 2018-ին Պիէլի համալիրէն ներս, ներկայութեամբ Ֆրանսախօս հանրային թէ մասնաւոր դպրոցներու ուսանողներուն եւ ուսուցիչներուն, տեղի ունեցաւ Institut Francais du Liban-ի, Սէն Ժօզէֆ Համալսարանի եւ Ecole de traducteurs et d’Interprètes de Beyrouth-ի կողմէ կազմակերպուած «Prix lycéen de la traduction francophone 2018» մրցանակաբաշխութիւնը: Լիբանանի բոլոր շրջաններէն մասնացած էին…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

Մանկամսուրի փոքրիկները կը շարունակեն զարգացնել իրենց զգայարաններն ու փոքր մկանները զանազան խաղերու ընդմէջէն:

«ԱՌՈՂՋ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ»՝ ԾՆՈՂՔ-ԱՇԱԿԵՐՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ

Նախակրթարանի Ե. դասարանի գիտութեան դասի ծրագիրը կ’ընդգրկէ «Առողջ սննդականոն» նիւթը, որուն մատուցման համար յարմար կը նկատենք հրաւիրել սննդագէտ մը ու կազմակերպել ծնողք-աշակերտ հանդիպում-զրոյց մը: Այս տարուան հիւր դասախօսը Արին Գասապեանն էր. 2011-ին Ճեմարանը աւարտելէ ետք, ան հետեւած է սննդագիտութեան մասնագիտութեան, ֆրանսական USJ համալսարանէն ներս: Այժմ, Ֆրանսայի մէջ, ան…

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. ՃԵՄԱՐԱՆԸ ԱՌԱՋԻՆ`ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱՅԻՆ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին Ճատրակի մրցումները տեղի ունեցան Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ Կիրակի, 25 Փետրուար 2018-ին: Ստորեւ՝ Ճեմարանի աշակերտներուն ապահոված արդիւնքները. 8 տարեկան եւ վար աղջիկներ՝ Հերա Պետիրեան (երրորդ): Տղաք՝ Նարեկ Բակլայեան (առաջին), Վարագ Լախեան (երկրորդ), Նիկոլ Մանճիկեան (երրորդ) 10 տարեկան եւ վար…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 23 Փետրուար 2018-ին, միջնակարգի Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտներս հանդիպում մը ունեցանք Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի հետ: Էտուար Թաշճեան ընթերցեց ձեռնարկի բացման խօսքը, ապա Արամ Հանտեան ասմունքեց Մ. Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն» բանաստեղծութիւնը: Տոքթ. Արմենակ խօսեցաւ հայերէն լեզուի եւ գիրք կարդալու անհրաժեշտութեան մասին ու կեդրոնացաւ «Վէրք…

ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՕՐ (PORTES OUVERTES)

Հինգշաբթի, 22 Փետրուար 2018-ի առաւօտեան, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու ծնողները  իրենց զաւակներուն հետ դասարան մտան եւ դիտեցին իրենց երեխաները աշխատանքի ժամանակ՝ հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու դասապահերուն։ Այս նախաձեռնութիւնը առիթ կու տայ ծնողներուն ծանօթանալու դպրոցի եւ դասարանի մթնոլորտին, ինչպէս նաեւ՝ դասանիւթերու մատուցման ձեւերուն։

ԶՈՀՐԱՊ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ԶՐՈՅՑ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ԱՐՑԱԽԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ԿԱՐՕ ՔԵՊԱՊՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 26 փետրուար 2018-ին, երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ հայոց պատմութեան եւ հայ գրականութեան ուսուցիչներուն, ներկայ գտնուեցան Արցախի ազատագրական շարժման 30-ամեակին նուիրուած` Զոհրապ Մարգարեանի ոսպնեակէն դիտուած լուսանկարներու ցուցադրութեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ: Լուսանկարները դիտելէ ետք, աշակերտները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու լուսանկարիչ Զոհրապ Մարգարեանին եւ զրուցելու Մերձաւոր…

ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈԻԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 2018-ին, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ զրոյց՝ մայրենի լեզուի անաղարտ պահպանման եւ զայն յաջորդ սերունդներուն փոխանցման աւանդին մասին, ապա տեղի ունեցաւ ուղղագրական մրցանք մը. 42 աշակերտներ բաժնուեցան 14 խումբերու,  իւրաքանչիւր խումբ ստացաւ հատուած մը, ուր կային 35 ուղղագրական սխալներ: Աշակերտները լծուեցան սրբագրութեան աշխատանքի:…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՇՈՒԿԱՆԵՐ

Եօթներորդ դասարանի ընդհանուր պատմութեան դասանիւթի ծիրէն ներս,  աշակերտները ծանօթացան բիւզանդական մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսին, որ կայսրութեան քաղաքական, կրօնական եւ տնտեսական կեդրոնն էր: Հոս կը գտնուէին կայսերական պալատները, Ուղղափառ քրիստոնեաներուն եկեղեցիները, որոնց մէջ կարելի է առանձնացնել Սուրբ Սօֆիա գլուխ գործոց եկեղեցին եւ վերջապէս,  Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի միջեւ կամուրջի դեր խաղացող…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹ

Երեքշաբթի, 20 Փետրուար 2018-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները, իբրեւ արաբերէն լեզուի արտադասարանային աշխատանք, այցելեցին Կեդրոնական Պէյրութ եւ ծանօթացան քաղաքին: Անոնք շրջեցան շուկային մէջ, տեսան խորհրդարանը, ապա նաեւ՝ նահատակաց յուշարձանը, եւայլն: Աշակերտները այս այցելութեամբ ամրապնդեցին քաղաքի մասին իրենց սորված արաբերէն լեզուի բառամթերքը:

ԳԻՐՔ ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՕՐ

1869 թուականի 19 Փետրուարին ծնած մեծանուն գրող եւ մեծ հայրենասէր Յովհաննէս Թումանեանի յիշատակին կ’առնչուի Հայաստանի մէջ մօտ տասը տարիէ աւանդական դարձած գիրք նուիրելու օրը: Ամէն տարի արժանավայել կերպով այս օրուան կ’արձագանգեն նաեւ Ճեմարանի աշակերտները՝ իրարու գիրք նուիրելով: Ամեակներով հարուստ այս տարեշրջանին՝ 2018-ին, 19 Փետրուարին, զանազան մակարդակներու վրայ տեղի…