ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՕԴՈՒԺԻ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԽԱՐԻՍԽ

Լիբանանի անկախութեան տօնին ընդառաջ, Հինգշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2018-ին, Նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները՝ իրենց արաբերէնի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ, այցելեցին Լիբանանեան Օդուժի Պէյրութի Խարիսխը (قاعدة بيروت الجوية‎):

Այցելութեան ընթացքին, սպաները աշակերտներուն ներկայացուցին կառոյցին տարբեր շէնքերն ու բաժանումները: Աշակերտները առիթը ունեցան տեսնելու լիբանանեան օդուժին պատկանող քանի մը ուղղաթիռներ, բարձրացան անոնցմէ մէկը եւ խումբ առ խումբ նկարուեցան: Անոնք տեսան նաեւ այն ուղղաթիռները, որոնք պիտի մասնակցին Հինգշաբթի, 22 Նոյեմբերին կայանալիք անկախութեան տօնին միջոցառումներուն: Այցելութեան աւարտին, աշակերտները հիւրասիրուեցան խարիսխին տնօրէնութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ երգեցին «يا حرية» հայրենասիրական երգը: 

Աշակերտները դպրոց վերադարձան բարձր տրամադրութեամբ: 

Յ.Գ. Այցելութեան նկարները դպրոցին պիտի տրամադրուին խարիսխին կողմէ՝ աւելի ուշ: