ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ՝ ԱՌԱՋԻՆ

Երեքշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2018-ին, Ճեմարանը մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինին կազմակերպած միջդպրոցական զարգացման մրցումին, որուն մասնակցեցան 12 վարժարաններ: Ճեմարանէն իրենց մասնակցութիւնը բերին Արամ Աղասարգիսեան, Վահագն Հաշէօլեան (Զ. դասարան) Ալիք Թենպէլեան, Սեւակ Զարմէնեան (Է. դասարան), Գալին Գիլէճեան եւ Կլորիա Ժալըֆեան (Ը. Դասարան): 

Զարգացման մրցումը կ’ընդգրկէր պատմական, աշխարհագրական, մարզական, թուաբանական, գիտական եւ մշակութային հարցումներ: Շնորհիւ իրենց գիտելիքներուն, Ճեմարանի աշակերտները գրաւեցին առաջին դիրքը: Երկրորդ դիրքը բաժնեցին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան եւ Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանները, իսկ երրորդ դիրքը գրաւեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանը: Նշենք, որ բոլոր մասնակից աշակերտները Պատանեկան Միութեան կողմէ ստացան «USB Flash Memory»-ներ:

Մրցումին նիւթական պարգեւը կը կազմէր երկու միլիոն Լիբանանեան Ոսկի: Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինին առաջարկով եւ Ճեմարանի տնօրէնութեան համաձայնութեամբ, տուեալ գումարը յատկացուեցաւ «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին: 

Կը շնորհաւորենք Ճեմարանի աշակերտները, որոնք իրենց դպրոցին անունը բարձր պահեցին: Կը շնորհաւորենք նաեւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութիւնը՝ իր 95-ամեակին առիթով եւ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինին, որ նախաձեռնեց այս մրցումին եւ մտայղացաւ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերել բարեսիրական կազմակերպութեան մը: