ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՊԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 6 Նոյեմբեր 2018-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտները այցելեցին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանը, ուր անոնք մօտէն ծանօթացան եւ հետեւեցան տպագրական աշխատանքի ձեւերուն եւ հանգրուաններուն: Աշակերտները այցելեցին նաեւ Համազգայինի գրախանութը, որուն տրամադրած նուէր-գիրքերով ուրախ-զուարթ վերադարձան դպրոց: Շնորհակալութիւն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին եւ գրախանութին:

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Երեքշաբթի, 6 Նոյեմբեր 2018-ին, A. U. B. համալսարանի «Public health»-ի դասախօս Դոկտ. Թամար Հաշօլեան երկորդական բաժինի ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ նոր մասնագիտութեան մը մասին՝ «Health communication», որ յառաջիկայ տարի պիտի սկսի յիշեալ համալսարանին մէջ: Այս մասնագիտութիւնը իր մէջ կը ներառէ թէ՛ առողջապահական նիւթ, թէ՛ լրատուական ու արուեստ: Մասնագէտ…

ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

Երկուշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2018-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները ունեցան մաքրութեան օր մը: Օրուան նպատակն էր ձեռք բերել անմիջական շրջապատին մաքրութեան վերաբերող անհրաժեշտ գիտելիքներ: Փոքրիկները դպրոց եկած էին իրենց հետ բերելով աւել մը, դոյլ մը, սպունգ մը եւ լաթ մը: Անոնք մաքրեցին մանկապարտէզին բակն ու իրենց դասարաննները:

ՏՈՔԹ. ՊԵՐՃ ՏԱՔԷՍԵԱՆ՝ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԷՆ ՆԵՐՍ

Հինգշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2018-ին, մանկապարտէզ այցելեց մանկաբոյժ տոքթ. Պերճ Տաքէսեան: Ան հանդիպումներ ունեցաւ կանաչ դասարանի աշակերտներուն հետ եւ անոնց հետ խօսեցաւ առողջ մարմին ունենալու, առողջ սնուելու, քնանալու եւ պատուաստներու կարեւորութեան մասին: Ան շեշտեց, որ մանուկները պէտք է պարբերաբար այցելեն իրենց բժիշկին:

ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ

Երկուշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը, ուր ԺԲ. դասարանէն Նարէ Քիւրքճեան իր խօսքը փոխանցեց Թարգմանչաց տօնին առիթով: Ան ըսաւ. «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հայ գիրերու գիւտէն ետք, հայ թարգմանիչներուն դերը մեծ եղաւ հայ ազգի լուսաւորութեան ճամբուն վրայ: Հայ լեզուն եղաւ մեր ազգին…

ԿԱՐԿԱՆԴԱԿԻ ՎԱՃԱՌՔ «ԲՈԼՈՐՍ ԸՆԴԴԷՄ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ» ԿԱՐԳԱԽՕՍՈՎ

Երկուշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2018-ին, մենք` աւարտական դասարանի աշակերտներս, կազմակերպած էինք «Բոլորս ընդդէմ հիւանդութեան» կարգախօսով կարկանդակի վաճառք, որուն նպատակն էր նեցուկ կանգնիլ մեր շատ սիրելի Հ.Մ.Ը.Մ.-ական խմբապետուհի քոյր Լիւսիին: Վաճառքը շատ յաջող ընթացաւ, բոլոր աշակերտները, ուսուցիչները եւ տնօրէնութիւնը խանդավառօրէն քաջալերեցին մեզ, եւ յաջողեցանք այս առթիւ նուիրաբերել 1100 ԱՄՆ տոլարի…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2018-ին, Նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները իրենց հայերէնի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Անթիլիասի մայրավանքին «Կիլիկիա» թանգարանը: Աշակերտները մօտէն ծանօթացան Կիլիկիոյ պատմամշակութային եւ հոգեւորական գոհարներուն: Անոնք տեսան Սուրբ Միւռոնի կաթսան, Սուրբ Սեղբեստրոսի աջը, Յիսուսի փշապսակին մասունքը, եկեղեցական թանկարժէք զգեստները, Աւետարանները, ձեռագիր եւ տպագիր մատեանները, հայկական հին եւ օտար…

ԱՒՕ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ՝ ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՆՔԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Կիրակի 28 Սեպտեմբեր 2018-ին, Հարաւային Ափրիկէի Ճոհանսպըրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «ԿԱԶՄԱ» համաշխարհային թուաբանութեան մրցանքը, որուն կը մասնակցէին տարբեր երկիրներէ ժամանած աւելի քան 300 աշակերտներ: Լիբանանի պատուիրակութեան անդամ 9 աշակերտներուն շարքին էր ճեմարանական Աւօ Խաչատուրեանը (5-րդ դասարան), որ իր հմտութիւններուն շնորհիւ կրցաւ հանդիսանալ իր դասակարգին ախոյեանը: Կը շնորհաւորենք…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԻՆ

Ուրբաթ, 5 Հոկտեմբեր 2018-ին, մանկապարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտները այցելեցին դպրոցին տնօրէնութեան բաժինը, ուր ծանօթացան պաշտօնէութեան եւ գրասենեակային աշխատանքներուն:

ՅԱՐԳԱՆՔ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻՆ

Երկուշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2018-ին կը մահանայ աշխարհահռչակ երգիչ-երգահան Շարլ Ազնաւուր: Երեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը, ուր աւարտական դասարանէն Լեւոն Գալայճեան եւ Վանայ Պաքալեան ընթերցեցին Շարլ Ազնաւուրի կենսագրութիւնն ու գործունէութիւնը հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Ապա աշակերտները ունկնդրեցին «Քեզի համար Հայաստան» երգը եւ…

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2018-2019 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ հետեւեալ հանգրուաններով. Սեպտեմբեր 13-ին  երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ., ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները արդէն իսկ վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 24-ին ամբողջացաւ երկրորդականի եւ միջնակարգի վերամուտը: Չորեքշաբթի, 26 Սեպտեմբերը վերամուտն էր նախակրթարանի եւ տարրականի բաժինի աշակերտներուն: Հինգշաբթի…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ

Ճեմարանի աւարտական դասարանի աշակերտները կը շարունակեն ազգային եւ մշակութային տօներն ու յատկանշական իրադարձութիւնները նշելու իրենց յանձնառութիւնը: Երկուշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2018-ի  առաւօտեան միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան բակ, ուր ԺԲ. դասարանէն Նարեկ Մեսրոպեան բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին եւ ըսաւ. «10 օրէ արդէն մենք՝ աւարտական դասարանի աշակերտներս, սկսած…