ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՆԻՒԹԵՐՈՒ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ

Նախակրթարանի Ե. դասարանի գիտութեան դասի ծրագրին մաս կազմող՝ «Առողջապահութիւն եւ կանխարգիլող միջոցներ», «Առողջ սննդառութիւն եւ ուտեստեղէն պահպանելու ճիշդ ձեւեր» դասանիւթերը մատուցուեցան մասնագէտներու կողմէ։   Հինգշաբթի,  11 Մայիս 2017-ին, առաջին նիւթը ներկայացուց Ճեմարանի առողջապահական բաժնի պատասխանատու հիւանդապահուհին՝Քրիստին Մխճեան-Պուչաճիքեանը, որ անդրադարձաւ մարմնի գործարաններու եւ դրութիւններու կարեւորութեան եւ անոնց հետ կապուած…

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

«Խաչիկ Պապիկեան» միջ-դպրոցական մրցանքներու մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւԿիրակի, 14 Մայիս 2017-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, վեհարանի դահլիճին մէջ: Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներն են. Գրիգորեան Կայէլ եւ Կէօվօղլանեան Նարէ՝ յիշատակութեան արժանի (միջնակարգի հայերէն լեզուի եւ գրականութեան մրցանք) Խաչատուրեան Արենի՝ յիշատակութեան արժանի (երկրորդականի հայերէն լեզուի եւ գրականութեան մրցանք) Գալուստեան Նանի՝ երրորդ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՆԱՐՕՏ ԿԻՒՐԻՒՆԼԵԱՆ՝ ԵՐԿՐՈՐԴ

Կիրակի, 14 Մայիս 2017-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի դպրոցներու մարմնամարզի (gymnastique) ախոյեանութիւնը: Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտուհի Նարօտ Կիւրիւնլեան, մրցելէ ետք 15 տարեկան մարզիկներու հետ, հանդիսացաւ երկրորդ: Կը շնորհաւորենք Նարօտը եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք իրեն:

FUN PLANET

Հինգշաբթի, 11 Մայիս 2017-ին, մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ հաճելի ժամեր անցուցին «Fun Planet» խաղավայրին մէջ։ Անոնք միասին խաղալէ ու զուարճանալէ ետք, շատ ուրախ վերադարձան դպրոց։

ԶՐՈՅՑ-ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 3 Մայիս 2017-ին, վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան (Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ հովիւ) այցելեց Ճեմարան եւ զրոյց-դասախօսական հանդիպումներ ունեցաւ յաջորդաբար միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտներուն հետ: Ան խօսեցաւ այն դժուարութիւններուն մասին, զորս կը դիմագրաւէ պատանին դպրոցական կեանքին մէջ իր ընկերներուն եւ ծնողներուն հետ եւ այն բոլոր մարտահրաւէրներուն մասին,…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿԵՆԴԱՆԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶ

Ուրբաթ, 5 Մայիս 2017-ին մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները այցելեցին Նահր Քելպի կենդանաբանական պարտէզը, ուր դիտեցին անասունները եւ ստացան իւրաքանչիւր անասունի համապատասխան բացատրութիւններ։ Անոնք հաճելի ժամանակ անցուցին եւ ուրախ ու խանդավառ վերադարձան դպրոց։  

ԱՆՏՐՈՒ ԳԱՐԱՄԻՆԱՍԵԱՆ՝ ՈՍԿԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ «TAEKWONDO»Ի ՏԱՐԻՔԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ

Կը շնորհաւորենք Ը. դասարանի աշակերտներէն Անտրու Գարամինասեանը, որ 6-7 Մայիս 2017 շաբաթավերջին, Մոն Լա Սալի մէջ տեղի ունեցած «Taekwondo» -ի սեւ գօտիներու մրցաշարքին շահեցաւ Լիբանանի ախոյեանութիւնը եւ դարձաւ ոսկէ մետալակիր:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔ

Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2017-ին, ԺԱ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Զմմառու վանքը, որ գոյութիւն ունի 1749 թուականէն: Աշակերտները նախ ուղղուեցան դէպի մատուռ, ուր լսեցին հայր Մովսէսի բացատրութիւնները վանքի հիմնադրութեան մասին: Ապա անոնք այցելեցին վանքի երկու թանգարանները, ուր ստացան տեղեկութիւններ հոն տեղադրուած իրերուն մասին: Ապա հայր Մաշտոցին ընկերակցութեամբ շրջեցան դպրեվանքին մէջ…

Թ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԴԱՍԵՐՈՒ ԱՒԱՐՏ

Չորեքշաբթի, 3 Մայիս 2017-ին, միջնակարգի Թ. դասարաններու աշակերտներուն դպրոցական տարեշրջանը աւարտեցաւ։ Կէսօրուան ժամը 1։00-ին, աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Նորսիկեան մանկապարտէզի պարտէզը, ուր միասնաբար ճաշեցին: Հաճելի ժամ մը անցընելէ ետք, աշակերտները մեկնեցան դպրոցէն՝ պատրաստուելու համար պետական քննութիւններուն։ Յաջողութիւն կը մաղթենք բոլորին։

«Ո՞Վ Է ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ»

Դպրոցական տարիներուն ընթացքին, մեր դասագիրքերուն ընդմէջէն ծանօթացանք բազմաթիւ հեղինակներու: Հաճոյքով ուսումնասիրեցինք եւ ընթերցեցինք անոնց գրութիւնները եւ իւրաքանչիւրին կենսագրութիւնը. «մեռած է, նահատակուած է» բառերը յաճախ կը կրկնուէին: Ենթադրեցինք որ գրողներուն գործերը կը հրատարակուին անոնց մահէն ետք միայն: Հայերէնի դասապահուն, երբ ընթերցեցինք գրագէտ Պօղոս Սնապեանի «Առաջին Անձրեւը» գրութիւնը, իմացանք որ…

«ՊԶՏԻԿ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ»

«Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին նախաձեռնութեամբ, «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի 15-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ «Պզտիկ լրագրողներու աշխատանոց»-ը Կիրակի, 30 Ապրիլ 2017-ին, «Փիւնիկ» սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00: Հայկական 17 վարժարաններու նախակրթարանի աշակերտներ մասնակցեցան այս նախաձեռնութեան: Ճեմարանի մասնակից աշակերտներն էին. Կլօրիա Ժալըֆեան, Սանան Քէշիշեան, Ալիք Թեմպէլեան,…