ԶՐՈՅՑ-ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 3 Մայիս 2017-ին, վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան (Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ հովիւ) այցելեց Ճեմարան եւ զրոյց-դասախօսական հանդիպումներ ունեցաւ յաջորդաբար միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտներուն հետ:

Ան խօսեցաւ այն դժուարութիւններուն մասին, զորս կը դիմագրաւէ պատանին դպրոցական կեանքին մէջ իր ընկերներուն եւ ծնողներուն հետ եւ այն բոլոր մարտահրաւէրներուն մասին, որոնք կը մղեն պատանին ինքզինք բարելաւելու: Խօսեցաւ այն կարեւոր որոշումներուն մասին, որոնք կը փոխեն մեր կեանքին ընթացքը: Ան եզրափակեց ըսելով, որ մենք բոլորս Աստուծոյ ստեղծագործութիւններն ենք, եւ բոլորս ընդունուած ենք Աստուծոյ կողմէ հակառակ երբեմն ակամայ կատարուած մեր թերութիւններուն:

Հանդիպումները փակուեցան սրտաբուխ աղօթքով մը վերապատուելիին կողմէ: Աշակերտները մեծ գոհունակութեամբ ուղղուեցան իրենց դասարանները: