ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՆԻՒԹԵՐՈՒ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ

Նախակրթարանի Ե. դասարանի գիտութեան դասի ծրագրին մաս կազմող՝ «Առողջապահութիւն եւ կանխարգիլող միջոցներ», «Առողջ սննդառութիւն եւ ուտեստեղէն պահպանելու ճիշդ ձեւեր» դասանիւթերը մատուցուեցան մասնագէտներու կողմէ։

 

Հինգշաբթի,  11 Մայիս 2017-ին, առաջին նիւթը ներկայացուց Ճեմարանի առողջապահական բաժնի պատասխանատու հիւանդապահուհին՝Քրիստին Մխճեան-Պուչաճիքեանը, որ անդրադարձաւ մարմնի գործարաններու եւ դրութիւններու կարեւորութեան եւ անոնց հետ կապուած վատ եւ լաւ սովորութիւններուն։ Հետեւաբար, ան ընդգծեց այս տարիքէն լաւ սովորութիւններ (մարզանք, քուն, չափաւոր ու այլազան սննդականոն) որդեգրելու կարեւորութիւնը, եւ պատուաստներու միջոցով մարմնի դիմադրողականութիւնը պատրաստելը։ Ան խօսքի ընթացքին յաճախ ըսաւ. «mieux vaut prévenir que guérir»։

 

Երեքշաբթի, 16 Մայիսին, դպրոցի ծնող, սննդագէտ Անի Տեքիրմէնճեան- Ժերդիտեան սպառիչ կերպով ներկայացուց ի՞նչ ուտել, որքա՞ն ուտել եւ ուտելիքները ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր պահպանելու մասին տեղեկութիւններ։

Աշակերտներուն հետ այս հանդիպում-զրոյցին  շահեկան ու յարմար էր ծնողներու ներկայութիւնը, որոնք գործնապէս պիտի ամրապնդեն ստացուած գիտելիքները։

 

Աշակերտները շատ գոհացան յիշեալ դասապահերը նոր շունչով ու մասնագիտական մօտեցումով կատարուելէն  ու շնորհակալութիւն յայտնեցին դասախօսներուն։