ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՆԱՐՕՏ ԿԻՒՐԻՒՆԼԵԱՆ՝ ԵՐԿՐՈՐԴ

Կիրակի, 14 Մայիս 2017-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի դպրոցներու մարմնամարզի (gymnastique) ախոյեանութիւնը: Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտուհի Նարօտ Կիւրիւնլեան, մրցելէ ետք 15 տարեկան մարզիկներու հետ, հանդիսացաւ երկրորդ:

Կը շնորհաւորենք Նարօտը եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք իրեն: