«ՏՈՔԹ. ԱՏՐԻՆԷ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ ՄԱՐԶՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՍՐԱՀ»Ի ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԲԱՑՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 3 Մարտ 2010-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի մէջ, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին: Հանդիսութենէն առաջ տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան քողազերծեցին սրահին անունը կրող յատուկ ցուցանակը: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Արին Գալուստեան: Ան յայտնեց, որ ասիկա Համազգայինի մեծ ընտանիքին համար ցնծութեան օր է, որովհետեւ արդէն իսկ իրականութիւն դարձած է երկու տարի առաջ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ յայտարարուած եւ տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեանի իշխանական նուիրատուութեամբ իրականացած ծրագիրը: Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի գործադիր տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան իր արտասանած խօսքին մէջ նախ անդրադարձաւ սրահի շինարարական աշխատանքներուն, որոնք տեւած են 2 տարի՝ յայտնելով, որ իրականացածը իսկապէս ուրախութիւն առթող է, որովհետեւ զայն պիտի վայելեն աշակերտները, որոնց ուրախութիւնը նաեւ երջանկութիւն կը պատճառէ ուսուցիչին եւ տնօրէնին: Տ. Ճինպաշեան դիտել տուաւ, որ սրահին աշխատանքները տակաւին ամբողջացած չեն եւ յառաջիկայ հանգրուանին պիտի լուծուին ջեռուցման, զովացման, ձայնի սարքաւորման ու այլ մանրամասնութիւններու առնչուող հարցեր. ան հաստատեց, թէ մինչեւ տարեվերջ արդէն այդ բոլորը կþաւարտին եւ դպրոցի ամավերջի հանդէսը կը կատարուի այս սրահին մէջ: Ան նաեւ ըսաւ, թէ սրահը պիտի օգտագործուի նախ իբրեւ մարզադաշտ, ապա նաեւ սրահ՝ զանազան ձեռնարկներու համար, աւելցնելով, որ կառոյցը ունի նաեւ փոքր ժողովասրահ մը եւ հանդերձարան մը, այսինքն՝ բոլոր այն տուեալները, որոնք պիտի գոհացնեն դպրոցի գրեթէ բոլոր կարիքները: Ան դիտել տուաւ, որ այս կառոյցին շինութեամբ Ճեմարանի շինարարական աշխատանքները կը հասնին իրենց աւարտին: Իր խօսքի աւարտին Տ. Ճինպաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս ծրագիրի իրականացման եւ սրահի աշխատանքներուն համար քրտինք ու ջանք թափեցին՝ յատուկ կերպով յիշելով համալիրի ճարտարապետ Մկրտիչ Եափուճեանը, որուն յաւելեալ ջանքերով, ամէնօրեայ ներկայութեամբ եւ բծախնդիր մօտեցումով կարելի եղաւ իրագործել այս սքանչելի կառոյցը: «Այս համալիրը հաւատքի, մշակոյթի նոր տուն մըն է մեր զաւակներուն համար, անոնց դաստիարակութեան նպաստող նոր բնակարան մը», եզրափակեց Տ. Ճինպաշեան: Ապա խօսք առաւ տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեանի դասընկերուհի, Ճեմարանի երկարամեայ ուսուցիչ Ալիս Գազանճեան, որ իր խօսքի առաջին բաժինով ներկայացուց Ճեմարանի պատմականը՝ յայտնելով, թէ 3 մարտ 1930-ին յաղթելով ամէն տեսակի դժուարութիւններու, Հայաստանի անկախութիւնը կերտած փաղանգէն Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան հիմնեցին Հայ ճեմարանը՝ 15 աշակերտներով: 1935-ին Հայ ճեմարանը տուաւ իր առաջին հունձքը՝ 8 հոգի, որոնք իրենց ուսուցիչներուն ուղիէն քալելով դարձան ուսուցիչներ Հայ ճեմարանի եւ Ազգային վարժարաններուն մէջ: Անդրադառնալով 1940-45 թուականներու ճեմարանականներուն՝ Ալիս Գազանճեան ըսաւ, թէ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութեան եւ տարրական պայմաններու չգոյութեան, զրկանքներուն, այդ աշակերտները գոհ էին եւ լծուած էին ժրաջան աշխատանքի: «Մեր ուսուցիչները մեր միտքն ու հոգին կը լուսաւորէին, հայրենիքը կը ծանօթացնէին: Մարդն ու հայը կը կազմաւորուէր մեր մէջ: Շնորհիւ Շանթի, Աղբալեանի, Գիւզալեանի, Սասունիի, Գոհարի դարձանք անհատականութիւն ունեցող, ապա մտածող, սկզբունք եւ նպատակ ունեցող ուսումնասէր անհատներ: Դարձանք բժիշկ, ուսուցիչ, տեսուչ, արուեստագէտ, բանասէր, ազգային գործիչ», յայտնեց ան: Իր խօսքը եզրափակելով Ա. Գազանճեան դիտել տուաւ, որ փոխանցուածին փոխարէն պէտք է վերադարձնել, որպէսզի իւրաքանչիւր ճեմարանական մասնակցի Հայ ճեմարանի ծաղկումին ու վերելքին՝ բարոյապէս եւ նիւթապէս օգնելով. այս իմաստով ան նշեց, որ 1945-ի շրջանաւարտ տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան Ճեմարանէն ստացածին բազմապատիկը կը վերադարձնէ իր իշխանական նուիրատուութեամբ: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան անդրադառնալով կրթական մարզին՝ յայտնեց, որ քաղաքական վերիվայրումները, համաշխարհային տնտեսութեան արմատական փոփոխութիւնները արժէքներու նոր համակարգ մը ստեղծելու կը ձգտին՝ ամէն բան տարբերելով նախկինէն: Ան դիտել տուաւ, թէ արեւմտեան կոչուող աշխարհը ունի կրթական երկու բնորդ՝ եւրոպական եւ ամերիկեան: Առաջինը հիմնուած է հանրային պետական դպրոցի որակին վրայ, իսկ երկրորդը՝ առհասարակ անհատական նախաձեռնութեան վրայ, շեշտելով այն մտահոգութիւնը, թէ ինչպէս արդի մարդկային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, այնպէս ալ կրթական մարզը սկսած է ազդուիլ ամերիկեան բնորդէն՝ առաջնորդուելով դէպի տնտեսականացում: Ան հարց տուաւ, թէ ճի՛շդ է կրթութիւնը հանրային մարզէն պոկել, երբ ամէն քայլափոխի տնտեսականութիւնը կը փաստէ իր ձախողութիւնները: Խօսելով սփիւռքահայ վարժարաններուն մասին՝ Մկրտիչ Մկրտիչեան յայտնեց, թէ անոնք անմիջական կերպով առնչուած չեն այս փոփոխութիւններուն, բայց եւ այնպէս բնական ընթացքով մը ենթակայ են այդ ազդեցութիւններուն՝ դիտել տալով, որ վերջինները հայկական վարժարանը նպատակներով բոլորովին հակադիր ուղղութեամբ կը տանին: «Սփիւռքահայ վարժարանի հիմնադրութիւնը, գոյութիւնը, պահպանումն ու զարգացումը ամէն պարագայի կը բխին այլ տուեալներէ: Սփիւռքահայ վարժարանը արդիւնք է հաւաքական ինքնապահպանման բնազդին եւ անոր նման աներեր է ու վճռական: Անոր հիմքերն են գաղափարականութիւնն ու հաւատքը, երբե°ք՝ տնտեսականութիւնն ու գործնապաշտութիւնը», հաստատեց Մ. Մկրտիչեան: Այս միտքէն մեկնելով՝ ան նշեց, որ այդ պատճառով հայ անհատը յատուկ գուրգուրանք կը տածէ իր հոգեհարազատ կրթական հաստատութիւններուն նկատմամբ: Այս առիթով ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Ատրինէ Գարագաշեանի 200 հազար ամերիկեան տոլարի իշխանական նուիրատուութեան, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ ձեռնարկել նուիրատուին անունը կրող հոյակապ կառոյցի շինութեան, որուն ամբողջացման նպատակով իրենց ներդրումը ունեցան նաեւ բարերար Արսլանեան ընտանիքը՝ 100 հազար տոլարի, նաեւ՝ տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Պայծառ Գարագաշեանները՝ 50 հազար տոլարի նուիրատուութեամբ: Ըստ Մ. Մկրտիչեանի, հայ դպրութեան եւ անոր ծառան եղող Համազգայինին նկատմամբ այս հաւատքը նաեւ մղիչ ուժ կը հանդիսանայ վարժարանի վարչական եւ ուսուցչական կազմերուն՝ շարունակելու իրենց սրբազան գործը, որուն արդիւնքը արհամարհելի չէ, հակառակ ամէն կողմէ փչող անբարենպաստ քամիներուն: «Նուիրատուներու այս վերաբերումը կը վերանորոգէ հաւատքը այս հաստատութեան ծառաներուն, կþապահովէ անոնց հոգեկան ամրութիւնը, կը բազմապատկէ անոնց կարողականութիւնը: Այս պատճառներով ալ նուիրատուներու օրինակը ունի վարակելու կարողութիւն եւ ամրօրէն ծափահարելի է», եզրափակեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը: Այնուհետեւ Մ. Մկրտիչեան եւ Տ. Ճինպաշեան տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեանին յանձնեցին յուշանուէր մը՝ առ ի գնահատանք անոր կատարած նուիրատուութեան: Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իր եղբօր եւ անոր կնոջ՝ Նազարէթ եւ Պայծառ Գարագաշեաններուն, որոնք գաղափարը յղացած էին եւ իրենց ներդրումը ունեցած էին նման նախաձեռնութեան մը իրականացման: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ Համազգայինի մշակութային եւ կրթական միութեան, որոնք միշտ կը գնահատեն իր նախաձեռնութիւնները: Տոքթ. Գարագաշեան հաստատեց, թէ իր կեանքի այս հանգրուանին ինք համոզուած է, թէ մարդ տալով կը հարստանայ, անանձնական ուրախութիւն փոխանցելով կþունենայ հոգեկան գոհունակութիւն ու ներքին խաղաղութիւն: «Հաւատքը, մշակոյթը, եկեղեցին, դպրոցը, աստուածատուր տառերը եւ մեծասքանչ մայրենին ամէնէն զօրաւոր զէնքերն են, որոնք դարերու ընդմէջէն մեզ մինչեւ հոս հասցուցին: Եթէ պիտի շարունակուի մեր ազգին դրօշարշաւը, մեր ներկայ սերունդին խղճի պարտականութիւնն է սրբութիւններու պէս պահել ինչ որ ստացած ենք եւ յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցել դրօշարշաւի այս ոսկեայ ցպիկները», ըսաւ ան: Իր խօսքը եզրափակելով՝ ան յայտնեց, թէ անհրաժեշտ է ազգովին, միատեղ, միակամ, համերաշխ ու սիրով լծուիլ գործի՝ ծնողներ, ուսուցիչներ, հոգեւոր եւ քաղաքական առաջնորդներ, իւրաքանչիւրը իր ճամբով, իր կարելիութիւններով եւ մասնագիտութեամբ, որպէսզի պատրաստենք զօրաւոր եւ գիտակից սերունդ մը: Հանդիսութեան ընթացքին նուագով հանդէս եկան Հրաչ Իսահակեան ու իր խումբը: