ԱԼԼԱ ԼԵՒՈՆԵԱՆ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ

3 Մարտ 2010-ին, Լսարանական Միութիւնը հանդիպում ունեցաւ հայրենի երգչուհի Ալլա Լեւոնեանի հետ: Բացման խօսքը արտասանեց Վաչէ Ծատուրեան, որ այս հանդիպումը լաւ առիթ մը նկատեց նշելու Ճեմարանի 80 ամեակը ու փաստելու թէ մենք կառչած կը մնանք մեր հիմնադիրներու ուղիին: Լսարանականները դիմաւորեցին Ալլա Լեւոնեանը երաժշտութեամբ: Վարանդա Եագուպեան ներկայացուց «Եարը մարդուն եարա կու տայ» եւ «Սարերի հովին մեռնեմ» երգերը ընկերակցութեամբ տուտուկահարներ Հրակ Փափազեանի եւ Գէորգ Մանուկեանի: Ապա խօսքը տրուեցաւ Ալլա Լեւոնեանի, որ անդրադարձաւ երգին ու արուեստին կարեւորութեան մարդուն կեանքին մէջ: Ան շեշտեց հայկականը մտածելու հիմք դարձնելու կարեւորութիւնը: Աւելցուց նաեւ, որ կարելի է օտար մշակոյթներու ծանօթանալ, սակայն միշտ կառչած մնալով հայ հարազատ երաժշտութեան ու չաղաւաղելով զայն, ինչպէս վերջերս նորոյթ դարձած է: Ալլա Լեւոնեան մթնոլորտը ճոխացուց զրուցելով աշակերտներուն հետ ու երգելով «Մոկաց հարսներ» եւ «Ախ Նարէ եար Նարէ եար»: Հրակ Տէմիրճեան ԺԲ. դասարան