ԱԼԼԱ ԼԵՒՈՆԵԱՆԻ ՀԱՄԵՐԳ

Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան հրաւէրով Լիբանան գտնուող եւ լիբանանահայութեան սրտերուն շատ մօտիկ արուեստագէտը Հինգշաբթի, 4 Մարտի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ հմայեց ներկաները՝ երգելով կեանքի տարբեր պատկերները, հայուն իւրայատուկ ապրումները, մարդուն ամէնէն նուրբ զգացումները՝ իր կատարողական ուրոյն գրաւչութեամբ, ձայնային իւրայատուկ կարողականութեամբ ու ելեւէջներով, ինչպէս նաեւ երգերը դրսեւորելով պարային ամէնէն նուրբ եւ հայկական բեմական ներկայութեամբ եւ հեզաճկուն պարերով: Երեկոյին բացման խօսքը արտասանեց Փաթիլ Եսայեան, որ նշեց, թէ համերգը կազմակերպուած է Ճեմարանի 80-ամեակին եւ Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան 75-ամեակին առիթով. ան դիտել տուաւ, որ Ճեմարանը մեծ դեր ունեցած է սփիւռքահայ մարդուժի պատրաստութեան իմաստով: «Եարը մարդուն եարա կու տայ», «Մոկաց հարսներ», «Սիրելու համար», «Մարալ», «Սպարապետ» եւ աշուղական ու ժողովրդական այլ երգերով, որոնց կարգին մեծ տեղ կը գրաւէին իր հեղինակած երգերը: Ալլա Լեւոնեան հարստացուց երեկոն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ճեմարանի աշակերտները, ինչպէս նաեւ՝ Սեդօ եւ Գառնիկ Պաղտասարեաններ: