ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԵՐԵՔ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԴԷՊԻ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏ…

Ինչպէս ամէն տարի, Լիբանանի «Մանուկներու իրաւունքը պաշտպանող յանձնախումբ»ի կազմակերպութեամբ, 22 Մարտին պիտի նշուի մանուկներու տօնը, որուն առիթով 6 Մարտին տեղի ունեցաւ երաժշտական մրցանք մը Լիբանանի Պետական Բարձրագոյն Երաժշտանոցէն ներս: Լիբանանի բոլոր շրջաններէն տարբեր դպրոցներէ ու երաժշտանոցներէ եկած 127 մանուկներ մասնակցեցան այս մրցանքին: Մրցանակակիր 12 հոգիէն երեքը Համազգայինի Բարսեղ Կանաչեան Երաժշտական Գոլէճէն Ճեմարանի աշակերտներ են՝ Արին Թաշճեան (ջութակ) Նանի Գալուստեան (սրինգ) եւ Կարօ Գրիգորեան (դաշնամուր): Մրցանքին շահող աշակերտները 27 Մարտին իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ նախագահական պալատին մէջ պիտի ներկայացնեն կէս ժամուան տեւողութեամբ երաժշտական յայտագիր մը: Ապրի՛ք սիրելի ճեմարանականներ, մշակոյթի, մարզական թէ ուսման ձեր ընտրած ուղիները ձե՛ր ջահերով լուսաւորեցէք: