ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ՝ ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ճատրակի յանձնախումբին, Կիրակի, 14 Մարտին ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը՝ մասնակցութեամբ 40 խաղացողներու: Այս մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն էր Ալի Ժաուիշ: Ներկաներուն շարքին էին Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամներ Հասան Ժունտի, Հասան Համմուտ եւ քարտուղար Շահատէ Ապու Նըմրի: Ճեմարանի աշակերտներ փայլուն արդիւնքներ ապահովեցին սոյն մրցաշարքին: Տեղի ունեցան չորս դասակարգի մրցումներ՝ 8, 10, 12 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներ: 8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Կարէն Խալոյեան (Բ. դասարան) հանդիսացաւ առաջին՝ ապահովելով առաւելագոյն 5 կէտը: Նոյն դասակարգի աղջկանց մրցումներուն, Նարօտ Գըլըպոզեան(Ա. դասարան) արձանագրեց լաւագոյն արդիւնքը (1,5 կէտ): 10 տարեկանէն վար Երկրորդ հանդիսացաւ Մհեր Փելթէքեան(Դ. դասարան) (4,5 կէտ), իսկ երրորդ՝ Հայկ Աւետիսեան(Դ. դասարան) (4 կէտ): 12 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն առաւելագոյն վեց կէտէն 5,5 կէտ ապահովելով առաջին հանդիսացաւ Հրակ Գըլըպոզեան(Զ. դասարան): Նոյն դասակարգի աղջկանց մրցումներուն, լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց եւ մետալի տիրացաւ Քրիսթել Յովսէփեան (Զ. դասարան)(2 կէտ): Ինչ կը վերաբերի 16 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն, երկրորդ հանդիսացաւ Նարեկ Նաճարեան(Ը. դասարան): Մրցաշարքի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Առաջին հանդիսացողները ստացան բաժակներ, իսկ երկրորդ եւ երրորդ դիրքը գրաւողները՝ մետալներ: