ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Շաբաթ, 6 Մարտ 2010-ի յետմիջօրէի ժամը 1-ին Մօն Լա Սալի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած միջդպրոցական պարի փառատօնը: Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Դ. դասարաններու պարախումբը ելոյթ ունեցաւ հայկական գաւառական պարով մը եւ շահեցաւ Լեռնալիբանանի իր դասակարգին առաջնութիւնը: Նախքան շահող խումբը բեմ հրաւիրելը՝ դատական կազմը «ժպտադէմ», «զուարթ տարազներով» եւ «կարգապահ» որակեց պարախումբը, որ արժանացաւ ներկաներուն բուռն ծափահարութեան: Պարախումբը իր յաջողութիւնը կը պարտի նաեւ պարուսոյց Օրդ. Մարիժան Ատուրեանին, որուն ջանքերուն շնորհիւ Ճեմարանը յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով փայլու արդիւնքներ կ’ապահովէ յիշեալ փառատօնին: