ՀԵՐԱ ՏԷՏԷԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԴԻՐՔՈՐՈՇՄԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԻ ՄՐՑԱՆԱԿ (POSITION PAPER AWARD) MODEL UNITED NATIONS (MUN) ԾՐԱԳՐԻՆ

Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտական պատուիրակութիւն մը այս տարի եւս մասնակցեցաւ Լիբանան-Ամերիկեան Համալսարանի (LAU) նախաձեռնած Model United Nations (MUN) ծրագրին: Այս ծրագրի գործնականացման հանդիպումներուն, աշակերտները խորացուցին իրենց գիտելիքները Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մասին, անոնք սորվեցան քաղաքացիական պատասխանատուութիւն ստանձնել, սորվեցան  տագնապներու խաղաղ լուծման ուղղուած բանակցութիւններ վարելու, երկիրներու դիւանագիտական…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Չորեքշաբթի, 23 Մարտ 2016-ին, Աւագ շաբթուան նախօրեակին, հայերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, Դ. դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանք։ Այցելութեան նպատակն էր կրօնագիտական եզրերու ծանօթացումը։ Հայր Սիփան աշակերտները ծանօթացուց եկեղեցւոյ զանազան բաժիններուն եւ եկեղեցական իրերուն։ Դպրոց վերադառնալէ ետք տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ եւ…

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ

Մանուկներու միջազգային օրուան առիթով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, «Ազատօրէն արտայայտուինք ԼՕԽ-ի պաստառին վրայ» թեմայի ներքեւ հայկական վարժարաններու աշակերտութիւնը առիթը ունեցաւ գծագրութիւններով եւ կարճ նախադասութիւններով արտայայտուելու ԼՕԽ-ի կողմէ պատրաստուած պաստառներու վրայ: Այս առիթով Ճեմարան ուղարկուած յատուկ պաստառին վրայ առաջին դասարանէն իններորդ դասարանի աշակերտները յայտնեցին իրենց միտքերը, զգացումներն…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԴՈԿՏ. ԱՐՄԷՆ ՏԷՐ ԿԻՒՐԵՂԵԱՆԻ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 16 Մարտ 2016-ին երկրորդականի աշակերտները ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին  մէջ ներկայ գտնուեցան Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին եւ անոր կրթական դրութեան ծանօթացման աշակերտական հանդիպումին: ՀԲԸՄ-ի անունով Անիթա Լիպիար ողջունեց ներկաները եւ բացատրեց հանդիպումին նպատակը: Ապա ան բեմ հրաւիրեց Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահը: Դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան նշեց, որ երկու տարիէ…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԱՐԱ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

Երեքշաբթի, 14 Մարտ 2016-ին երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ աշակերտական հանդիպումին՝ Հայկազեան համալսարանի մէջ: Վարչապետը կոչ ուղղեց լիբանանահայ երիտասարդութեան այցելելու Արցախ եւ շէնցնելու ու զարգացնելու հայրենի հողամասը մարդուժով թէ տնտեսական հզօրանքով: Ան յայտնեց, որ այսօր Արցախի բնակչութիւնը…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

Մանկամսուրի փոքրիկները պատրաստեցին գարնան ձեռային աշխատանք մը: Անոնք ծանօթացան պարտիզպանին գործիքներուն եւ լոլիկ ցանեցին:

ԱՐՑԱԽԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Չորեքշաբթի, 24 Փետրուար 2016-ին, տեղի ունեցաւ նախակրթարանի Արցախեան ձեռնարկը, Քերովբէ Պոլեան սրահին մէջ: Յայտագիրը սկսաւ Արցախի քայլերգով, ապա Զ. դասարանէն Ցօղիկ Թրթռեան կատարեց բացման խօսքը, որ յիշելէ ետք ձեռնարկին նպատակը, ըսաւ. «Իբրեւ հայ աշակերտ անհրաժեշտ կը գտնենք Արցախի հերոսական պատմութիւնը ճանչնալը եւ չմոռնալ հերոսներուն զոհողութեան արժէքն ու իմաստը:…

«ՀԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐ»

Հայերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» թատրերգութենէն հատուած մը սորվելէ եւ իշխանուհիին ու վանահօր մասին թեր ու դէմ կարծիքներ արտայայտելէ ետք, մենք՝ Թ. դասարանի աշակերտներս, Երկուշաբթի, 22 Փետրուար, 2016-ին ներկայացուցինք «Հին Աստուածներ»-էն բաժին մը: Աղջիկները իշխանուհի հագած, իսկ տղաքը՝ վանահայր, աշակերտները ինքնավստահութեամբ խաղացին իրենց դերերը:…

ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՕՐ

Հինգշաբթի, 25 Փետրուար, 2016-ին, Ճեմարանի տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի ուսուցչական կազմը մասնակցեցաւ վերապատրաստման երեք տարբեր վարժանքներու: Լեզուի ուսուցիչները մասնակցեցան ուղղագրութեան ուսուցման վարժանքին: Նիւթը մատուցեց Սէն Ժոզէֆ եւ Պալամանտ համալսարաններու դասախօս, փորձառու մանկավարժ եւ լեզուի դասագիրքերու ծանօթ հեղինակ՝ Տօքթ. Քոլէթ Աուն: Ուսուցիչները ծանօթացան մարդկային ուղեղի տարբեր ունակութիւններուն եւ ուղղագրութիւնը…