ԱՌԱԿՆԵՐՈՒ ԲԵՄԱԿԱՆԱՑՈՒՄ
Ուրբաթ, 3 Մայիս 2019-ին, Նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները, ֆրանսերէնի դասանիւթի ծիրէն ներս, խումբ առ խումբ բեմականացուցին Ժան Տէօ Լա Ֆոնթէնի (Jean De La Fontaine) առակներէն փունջ մը:
Ուրբաթ, 3 Մայիս 2019-ին, Նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները, ֆրանսերէնի դասանիւթի ծիրէն ներս, խումբ առ խումբ բեմականացուցին Ժան Տէօ Լա Ֆոնթէնի (Jean De La Fontaine) առակներէն փունջ մը:
Երկուշաբթի, 6 Մայիս 2019-ին, Մանկապարտէզի Վարդագոյն դասարանի փոքրիկները, իրենց դաստիարակներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրը: Երեխաները մանկամսուրէն ներս նախաճաշեցին, մեծ ախորժակով կերան հիւրասիրուած «մղլին» ու քամուած մածունով հացիկը, ինչպէս նաեւ ուրախ-զուարթ խաղացին:
Երկուշաբթի, 6 Մայիս 2019-ին, Լիբանանի աշխարհագրութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին «Ղանտուր»-ի գործարան: Աշակերտները ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները լիբանանեան արտադրութեան մասին, շրջելով գործարանին մէջ եւ ծանօթանալով աշխատանքի զանազան հանգրուաններուն: Այցելութեան աւարտին առիթ տրուեցաւ հարցումներու:
Շաբաթ, 4 Մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ «Վանայ Ձայն»-էն ուղղակի ձայնասփռումով տեղի ունեցան «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական փուլն ու մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ճեմարանի Է. դասարանէն Ալիք Թեմպելեան հանդիսացաւ առաջին եւ կը շնորհաւորենք զինք:
Ընկերային կազմաւորման ծիրէն ներս, Երկուշաբթի, 6 Մայիս 2019-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի եւ երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտները հանդիպում ունեցան Ճեմարանի շրջանաւարտ Ռուբէն Ալեքսանտրեանի հետ: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, Ը. դասարանի աշակերտներուն Ռուբէն Ալեքսանտրեան նախ խմբական աշխատանքի մը ընդմէջէն ներկայացուց ամբողջ օրուան մը ընթացքին այդ տարիքի աշակերտին առօրեան, որ կ’ընդգրկէ…
Ուրբաթ, 3 Մայիս 2019-ին, Մանկապարտէզի Կանաչ դասարանի փոքրիկները, իրենց դաստիարակներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին ջերմոց մը՝ Ֆաուար Անթիլիասի մէջ: Երեխաները ծանօթացան բազմատեսակ բոյսերու եւ ծաղիկներու:
Ուրբաթ, 3 Մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Ելեկտրոնային գործիքներն ու ընկերային ցանցերը մեր աշակերտներուն առօրեայէն ներս» խորագիրով հաւաքը ներկայութեամբ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն ծնողներուն: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ողջունեց ծնողները եւ բարձր գնահատեց անոնց գործակցութիւնը՝ միասնաբար քննարկելու ելեկտրոնային գործիքներու եւ ընկերային…
Հինգշաբթի 25 Ապրիլ 2019-ին երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանէն 4 աշակերտներ՝ Սինթիա Պայրաքտարեան, Նանոր Հէյպէլեան, Կարէն Ճինպաշեան եւ Շանթ Ահարոնեան, մասնակցեցան Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուս. Երիտ Միութեան Ուսանողական Դիւանին կազմակերպած «Հայ Ինքնութեան Սահմանում» խորագրեալ միջդպրոցական սեմինարին:
Երկրորդական բաժինի աշակերտներուն կազմակերութեամբ Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2019-ի առաւօտեան ժամը 8։00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը ոգեկոչեցին «Գարագաշեան» սրահին մէջ։ ԺԱ. դասարանէն Արին Կիւլլիւճեան ընթերցեց բացման խօսքը, ապա տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն։ Այնուհետեւ սկսաւ գեղարուեստական յայտագիրը. յաջորդաբար ասմունքեցին Շահան…
Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2019-ին, Մանկապարտէզի փոքրիկները՝ իրենց ծնողներուն եւ ուսուցչուհիներուն հետ, տօնեցին Սուրբ Զատիկը: Երեխաները երգեցին, պարեցին, խաղացին հաւկիթներով, ինչպէս նաեւ հիւրասիրուեցան կաթնահունցով (չէօրէկ):
Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2019-ին, Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները տօնեցին Սուրբ Զատիկը: Անոնք նախ դասարանէն ներս դիտեցին Յիսուսի մասին ժապաւէն մը, որմէ ետք գացին Մանկապարտէզ, որուն բակին մէջ նստան սեղաններու շուրջ եւ զարդարեցին իրենց հաւկիթները: Տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ եւ հիւրասիրութիւն՝ խանդավառ մթնոլորտի ներքոյ:
Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2018-ին, Տարրական բաժինը տօնեց Սուրբ Զատիկը: