“DIGITAL ETIQUETTE”
Հինգշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2019-ին, Etiquette-ի եւ փափուկ դիւանագիտութեան մասնագէտ՝ Իրմա Վարդանեան Պալեան այցելեց Ճեմարան եւ երկրորդական բաժինի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց «Digital Etiquette» նիւթը։ Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ մասնակցեցան շահեկան այս զրոյց-դասախօսութեան։ Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք Իրմա Վարդանեան Պալեանին։