ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԸ ՆՇԵՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԸ

Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար 2020-ին, Մանկապարտէզի երեխաները նշեցին Վարդանանց տօնը: Անոնք մանկապարտէզի բակին մէջ տողանցեցին, ինչպէս նաեւ պարեցին եւ երգեցին Քաջ Վարդանի եւ իր ընկերներուն նուիրուած երգեր: Նշենք, որ Կանաչ դասարանի աշակերտները Ճեմարանի Տնօրէնութեան կողմէն նուէր ստացան Վարդանանց Տօնին նուիրուած Լալայի ու Արայի որմազդը (poster):

Զ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԳԻՐՔ ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ «ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ» ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ

Գիրք նուիրելու օրուան առիթով, Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար 2020-ին, Նախակրթարանի Զ. դասարանի զոյգ բաժիններու աշակերտները, իրենց հայերէնի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ, այցելեցին Տարրական բաժնի «Թումանեան» գրադարանը եւ մէկական գիրք նուիրեցին: Գիրքերու ընտրութիւնը պատահական չէր: Աշակերտները գրադարանին նուիրեցին Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներէն, որովհետեւ Փետրուար 19-ը կը զուգադիպի «ամենայն հայոց բանաստեղծի» ծննդեան օրուան: Գրադարանի…

ՎԱՐԴԱԳՈՅՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ԳԻՐՔ ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ

Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը՝ Փետրուար 19-ը 2008-էն ի վեր դարձած է գիրք նուիրելու օր: Հետեւաբար, Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար 2020-ին, Մանկապարտէզի Վարդագոյն դասարանի փոքրիկները գիրք մը նուիրեցին Նորսիկեան Մանկապարտէզի գրադարանին: 

«ԱՌՈՂՋ ԿԵՆՑԱՂ, ԼԱՒ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ ԵՒ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔ»

Ճեմարանի ընկերային եւ առողջապահական ծրագրի ծիրէն ներս, Երկուշաբթի, 17 Փետրուար 2020-ին, Ճեմարան այցելեց ատամնաբոյժ Տոքթ. Իշխան Եղիայեան, որ նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց առողջապահութեան մասին կենսական գիտելիքներ: PowerPoint-ի ներկայացման միջոցով, ան նախ խօսեցաւ ընդհանուր մարդակազմութեան մասին, որմէ ետք անդրադարձաւ մարմնի մաքրութեան կարեւորութեան եւ առողջութեան վրայ իր ունեցած ազդեցութեան:…

ՀԱՅՐԵՐԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2020-ին, կանաչ դասարանի աշակերտներուն հայրերը այցելեցին մանկապարտէզ, որպէսզի ներկայացնեն իրենց արհեստները: Անոնք իրենց հետ բերած էին իրենց գործին վերաբերող իրեր եւ նկարներ: Իւրաքանչիւր ծնող մեծ խանդավառութեամբ ներկայացուց իր աշխատանքը, որմէ ետք երեխաները հիւրասիրեցին կրկնեփուկ:

ԿՈՂՈՎԱԳՆԴԱԿԻ ՆԵՐՔԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Փետրուար 2020-ին տեղի ունեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի կողովագնդակի ներքին մրցաշարքը, որուն մասնակցեցան միջնակարգի Թ. դասարանի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտները: Չորեքշաբթի, 12 Փետրուարին, տեղի ունեցաւ աւարտական խաղը ԺԲ. գրական եւ ԺԲ. գիտական դասարաններու խումբերուն միջեւ: Յաղթական հանդիսացաւ ԺԲ. գրական դասարանի խումբը, որուն անդամներն են՝ Կարէն Խալոյեան, Սէրուժ Նորամանեան, Խաժակ Վարդանեան…

ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՕՐ ԿԱՆԱՉ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Մանկապարտէզի Կանաչ դասարանի երեխաները ունեցան մանկավարժական օր մը (portes ouvertes), որուն ընթացքին ծնողները այցելեցին դասարանները եւ մօտէն ծանօթացան եւ հետեւեցան Կանաչ դասարանի առօրեային եւ կատարուող տարբեր աշխատանքներուն:

«ԵՐԲ ՉԵՍ ՈՒԶԵՐ ՀԻՒՐ ԸՆԴՈՒՆԻԼ» ՊԱՏՄՈՒԱԾՔԻ ԲԵՄԱԿԱՆԱՑՈՒՄ

Երեքշաբթի, 4 Փետրուար 2020-ին, Նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները հաճոյքով ու խանդավառութեամբ բեմականացուցին իրենց դասը՝ «Երբ չես ուզեր հիւր ընդունիլ»: Աշակերտները հայերէն լեզուի դասապահուն, երգիծական ստեղծագործութիւններու ծիրէն ներս, ծանօթացան հայ գրականութեան մեծ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանին ու անոր գործերուն, մասնաւորաբար «Քաղաքավարութեան վնասները» ստեղծագործութեան: Երգիծական ոճի յատկանիշներէն բացի, անոնք սորվեցան, որ…

YOHAN (Youth Organization Heart Awareness Now) ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ՝ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑՆԵՐ

Կազմակերպութեամբ YOHAN (Youth Organization Heart Awareness Now) մարդասիրական հիմնարկին, Երեքշաբթի, 28 Յունուար 2020-ին, առաւօտեան ժամը 8:20-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ բժշկական դասախօսութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան երկրորդական բաժինի աշակերտները, դպրոցի հիւանդապահները, ծնողներ եւ ուսուցիչներ: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ողջունեց կազմակերպութեան ներկայացուցիչները, բարձր գնահատելով նախազգուշական այս…

ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒԵԼՈՒՄ

Ուրբաթ, 24 Յունուար 2020-ին, երկրորդական բաժինի ԺԱ. դասարանի աշակերտները մասնակցեցան ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Ուսանողական Գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած համալսարանական մասնագիտութիւններու արեւելումին, Ազդակի Փիւնիկ սրահէն ներս, ուր առիթը ունեցան հանդիպելու եւ զրուցելու ուսանողներու եւ մասնագէտներու հետ։

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒՈՎ

Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները անգլերէնի դասապահուն ներկայացուցին տարբեր երկիրներու Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան սովորութիւններն ու աւանդութիւնները իւրայատուկ ու հետաքրքրական ձեւով: Տօնական մթնոլորտ մը ստեղծելով դասարանէն ներս, անոնք կարեւոր գիտելիքներ փոխանցեցին եւ գեղեցիկ մաղթանքներ փոխանակեցին, երբեմն ալ համեստ հիւրասիրութիւններ ըրին տուեալ երկրին սովորութիւններուն հետ առնչուած:…

ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Բարեսիրական աշխատանքը աշակերտին առօրեային մաս դարձնելու նպատակով, ինչպէս ամէն տարի, կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները կաղանդի շրջանին ստանձնեցին երկու կարիքաւոր ընտանիքներու այժմէական պէտքերու հոգատարութիւնը: Առաջին հանգրուանին, աշակերտները դպրոցէն ներս երկու շաբաթ խմբական նախապատրաստական աշխատանքներ կատարեցին, հագուստեղէնի եւ ուտելիքի ծրարներ պատրաստեցին: 21 Դեկտեմբերին, կաղանդի արձակուրդէն առաջ,…