ԼԵՎԱՄ-Ի ՎԱՀԱՆԸ՝ ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ – ՎԵՀ ՔՐԻՍՏ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ՝ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿ, ԼՈՐԷՆ ՃԵՐՄԱԿԵԱՆ՝ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿՈՒՀԻ
Կիրակի, 26 Մայիս 2024-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մայիսեան փառատօնին Ճեմարանի աշակերտները իրենց բաժակներով եւ մետալներով մեծաթիւ մասնակցութեամբ տողանցեցին: Փառատօնին ընթացքին տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի 2023-24 տարեշրջանի վահանի տուչութիւնը` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին: Ուրախութեամբ կը յայտնենք նաեւ, որ Ալեքքօ Պէզիքեանի նուիրուած լաւագոյն մարզիկի մրցանակը…
