ԲԱՆԱՎԷՃ` ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 9 Յունուար 2026-ին, լսարանականները չորս խումբերու բաժնուած մասնակցեցան «հայրենադարձութիւն» նիւթով բանավէճին։

Տեղի ունեցաւ աշխոյժ քննարկում թեր եւ դէմ կարծիքներով՝ զօրաւոր սփի՞ւռք թէ կազմակերպուած ներգաղթ հայրենիքը զօրացնելու նպատակով։

Հայրենադարձութեան գաղափարը պաշտպանողներուն կարծիքներէն.

– Հայաստանի իրավիճակը պիտի բարելաւուի, որովհետեւ ա՛յն սփիւռքահայերը, որոնք կ’ապրին յառաջադէմ տարբեր երկիրներու մէջ, պիտի կարենան իրենց գիտելիքներով նպաստել հայրենիքին բարգաւաճման։ Այս ձեւով, Հայաստանը պիտի զարգանայ արհեստագիտական մարզին մէջ, եւ ինչու չէ յառաջիկայ օրերուն պիտի ունենանք հայկական արդիական զինամթերք։

– Վերջին տարիներուն, հայերս կորսնցուցինք Արցախը, եւ Հայաստանի հողերէն մաս մը։ Հարենադարձութիւնը պիտի օգնէ քաղաքական ներկայ խնդիրները լուծելու համար։ Արդարեւ, եթէ հեռատեսութեամբ ուսումնասիրենք այս հարցը, հայրենադարձութեան շնորհիւ, քանի մը տարիներ ետք Հայաստանի մէջ պիտի կազմուին նոր ընտանիքներ, որոնց զաւակները իրաւունք պիտի ունենան քուէարկելու եւ ներդրում ունենալու քաղաքական կեանքին մէջ։ Այդ ձեւով՝ հայերս պիտի կարենանք ապազգային իշխանութիւնը փոխարինել եւ աշխատիլ երկրին հզօրացման համար։

– Թէեւ Լիբանանի մէջ գտնուող սփիւռքահայութեան թիւը տակաւին մեծ է, սակայն տարբեր երկիրներու մէջ հայութիւնը պահելու եւ Հայ Դատը պաշտպանելու ոգին հետզհետէ կը նահանջէ։ Ապագայ սերունդները ձուլուելու ու օտարանալու վտանգին ենթարկուած են։ Հետեւաբար, հայրենադարձութիւնը պիտի կարենայ խմբել աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող հայերս, մեր ինքնութիւնը պահպանելու եւ կառչած մնալու համար մեր արմատներուն։

 

Հայրենադարձութեան դէմ եւ զօրաւոր սփիւռք պահելու գաղափարը պաշտպանողներուն կարծիքներէն.

-Ինչպէս Արցախի պատերազմին ընթացքին, Հայաստանի մէջ յաճախ ոչ հիւրընկալ  կեցուածք տեսանք, երբ Արցախցիները տեղափոխուեցան Հայաստան, վախ կայ որ նոյն հակազդեցութիւնը ըլլայ սփիւռքահայուն հանդէպ: Այսինքն՝ սփիւռքահայը Հայաստանի մէջ մնայ «սփիւռքահայ»:

-Ցեղասպանութենէն վերջ, հայ ժողովուրդը վերսկսաւ իր կեանքը օտար երկիրներու մէջ: Ան գործ ունեցաւ, տուն շինեց, հող ապահովեց եւ զօրաւոր գաղութներ կազմեց: Այս գաղութները երկար ատեն հեռուէն պահեցին Հայաստանն ու Արցախը իրենց բոլոր կարելիութիւններով: Ի՞նչ պիտի ըլլայ եթէ նորէն խորհրդայնացման նման վտանգի մը դիմաց գտնուի Հայաստանը: Ո՞վ պիտի օգնէ եթէ մենք զոհենք գաղութները հայրենադարձութեան հաշուոյն:

-Հայկական անցագիրը կը ստիպէ հայ երիտասարդ տղաքը զինուորագրուելու, ապա՝ եթէ հարկ ըլլայ, պատերազմի մասնակցելու: Վերջին պատերազմին ականատես մեր սերունդը ի՞նչպէս պիտի նախընտրէ անձնազոհութիւնը յանուն հայրենիքի, երբ ան ականատես է նաեւ Հայաստանի պետութեան քաղաքականութեան:

-Այլ հարց, որ հայրենադարձութեան համաձա՞յն է եկեղեցին: Երկու կաթողիկոսութիւններուն մօտեցումը ի՞նչ է այս նիւթին, մանաւանդ որ ներկայիս Հայաստանի մէջ քաղաքականացած պայքար կայ կաթողիկոսութեան դէմ: