ՊՏՈՅՏ ԴԷՊԻ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔ ԵՒ ՀԱՐԻՍԱ

Ուրբաթ, 21 նոյեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Ճեմարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները լիբանանեան համեղ նախաճաշէ մը ետք ճամբայ ելան դէպի Մեծամօր Զմմառու վանքը: Անոնք նախ մտան եկեղեցի, ուր լսեցին հայր Նարեկ վարդապետ Լուիսեանի բացատրութիւնները վանքի հիմնադրութեան եւ պատմութեան մասին, ապա այցելեցին անոր գինետունն ու հարուստ թանգարանը:

Պտոյտին յաջորդ հանգրուանն էր Հարիսայի Աստուածամօր արձանն ու անոր շրջակայքը: Հոն աշակերտները առիթը ունեցան ճոպանուղիով պտոյտ մը կատարելու, վայելելով սքանչելի տեսարանը: Վերջապէս, աշակերտները վերադարձան դպրոց, ուր քաջալերեցին Ճեմարանի տղոց ոտնագնդակի խումբը, բարեկամական մարզախաղի մը ընթացքին: