ԵՐԿՕՐԵԱՅ ՊՏՈՅՏ

Ուրբաթ 17 եւ Շաբաթ 18 Ապրիլ 2026-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան աւանդութիւն դարձած երկօրեայ պտոյտը Ֆարայայի «Tamer Land» պանդոկէն ներս:

Երկօրեայ յայտագրին առաջին օրը, միութեան ընդհանուր ժողովէն ետք տեղի ունեցաւ արշաւ, որմէ ետք պանդոկէն ներս խաղերը շարունակուեցան մինչեւ առաւօտեան ժամեր:

Շատ հաճելի ժամանակ անցընելէ ետք, շաբաթ առտու երկրորդական բաժինի աշակերտները տուն վերադարձան ընկերական լաւագոյն յիշատակներով: