ՃԱՐՏԱՍԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Աշակերտներուն հրապարակային խօսքի կարողութիւնը զարգացնելու նպատակով, այս տարի ընթացք առաւ երկրորդական բաժինի ճարտասանութեան մրցանքը: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան յայտարարեց մրցանքին մեկնարկը, ապա Լսարանական Միութեան պատասխանատուները ստանձնեցին մրցանքը վարելու, մասնակիցները պատրաստելու եւ ժամանակը կազմակերպելու աշխատանքները:

Մրցանքին մասնակցեցան իւրաքանչիւր  դասարանէ երեք աշակերտներ.

Ժ. դասարանէն՝ Ռիթա Ուրիշեան, Վան Պորոյեան, Միհրէ Տէր Ղուկասեան

ԺԱ. դասարանէն՝ Կարի Գանըր Հարպոյեան, Հայկ Ժերդիտեան

ԺԲ. դասարանէն՝ Կայէլ Ատուրեան, Վիքի Կիրակոսեան, Վայք Պորոյեան, Արի Չափարեան, Նարեկ Չերքեզեան:

Մասնակիցները մրցանքէն կէս ժամ առաջ ստացան իրենց ներկայացնելիք նիւթերը՝ ազգային, ընկերային կամ մարդկային արժէքներու վերաբերող:

Մրցանքին ընթացքին իւրաքանչիւր մասնակցողի տրամադրուեցաւ երեք վայրկեան՝ ներկայացնելու համար իր նիւթը: Աւարտին, դատական կազմը նախ գնահատեց բոլոր մասնակիցները, ապա ուսումնասիրելէ ետք իւրաքանչիւրին ներկայացման բովանդակութիւնը, լեզուն, առոգանութիւնը, կատարողականութիւնը եւ ժամանակի պահպանումը, յաղթական յայտարարուեցան հետեւեալ աշակերտները. Վիքի Կիրակոսեան՝ առաջին, Կարի Գանըր Հարպոյեան՝ երկրորդ, Ռիթա Ուրիշեան՝ երրորդ:

Այս մրցանքին առաջին հանդիսացողը՝ Վիքի Կիրակոսեան, կ’արժանանայ «Զարուհի Գունտաքճեան Գայայեան» մրցանակին, Ճեմարանի աւարտական դասարանի հանդէսին ընթացքին:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մրցանքի դատական կազմի անդամներուն՝ Ծովակ Թազեան-Թիւթէլեանին, Աշոտ Բագրատունիին եւ Տօնիկ Տօնապետեանին: