ԱՇՆԱՆ ՊՏՈՒՂՆԵՐԸ

Մանկամսուրի փոքրիկները ամբողջ շաբթուան մը ընթացքին ծանօթացան աշնան պտուղներուն: Անոնք սորվեցան պտուղներուն անունները (խնձոր, տանձ, պանան, խաղող…), գոյները, անոնց օգուտը,  եւ ինչեր կը պատրաստուին այդ պտուղներով: Իրենց գիտելիքները ամրապնդելու համար, երեխաները այսօր՝ 10 Նոյեմբեր 2018-ին, խնձորները քամեցին եւ հիւթը խմեցին, խնձորով պատրաստուած կարկանդակ կերան եւ խնձորենի պատրաստեցին:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «STARS» ՏՈՒՐՄԻ ԳՈՐԾԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2017-ին, դասընկերներս ու ես՝ Ը. դասարանի աշակերտներս, արաբերէն լեզուի եւ ֆրանսերէնի պատմութեան ու աշխարհագրութեան ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցինք «Stars» տուրմի գործարանը: Այս այցելութիւնը կը վերաբերէր ֆրանսերէնի պատմութեան ու աշխարհագրութեան դասին. մենք սորված էինք տուրմի ստեղծումին եւ եւրոպական երկիրներու մէջ անոր ազնուական ուտելիք մը դառնալուն մասին: Այցելութիւնը…

ԽԱՉՔԱՐԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2017-ին, հայերէնի դասապահուն, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները դիտեցին խաչքարի պատրաստութեան մասին տեսերիզ մը եւ իրենց ուսուցչուհիին հետ կատարեցին ձեռային աշխատանք մը։ Աշակերտներէն իւրաքանչիւրը կաւով պատրաստեց խաչքար մը եւ իր հնարամտութեամբ զարդարեց ու գեղեցկացուց զայն։ Գիտելիքներու ամրապնդման զուգահեռ, այս աշխատանքը նպաստեց հայկական մշակոյթի ծանօթացման։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹ

Ուրբաթ, 3 Նոյեմբեր 2017-ին, մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին «Մուաաուատ» գրախանութը՝ ամրապնդելու համար գրախանութի վերաբերեալ իրենց գիտելիքներն ու բառամթերքը։ Անոնք շրջեցան գրախանութին զանազան բաժինները եւ դիտեցին գրենական պիտոյքները։ Այցելութեան աւարտին, աշակերտները նուէրներ ստացան գրախանութէն:

ՆՈՐ ԽԱՂԱԼԻԿՆԵՐ

Խաղը մաս կը կազմէ դաստիարակութեան: Փոքր տարիքին երեխան խաղի միջոցով շատ բան կը հասկնայ եւ կը բացայայտէ: Խաղն ու խաղալիկը կը զարգացնեն երեխային ունակութիւնը, յիշողութիւնը, տրամաբանութիւնը եւ երեւակայութիւնը: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով, 2017-2018 տարեշրջանին, մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանները օժտուեցան նոր խաղալիկներով եւ խաղի անկիւններով:  

«ԼՈՒՍԻՆ ՄԱԼԻՔԵԱՆ» ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԵՐԵԿՈՅ

«Ազդակ» օրաթերթ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին եւ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան, Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին,  «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2016-2017 տարեշրջանի «Լուսին Մալիքեան» սերունդի շրջանաւարտներու ընդունելութիւն եւ յիշատակի երեկոյ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ շրջանաւարտներու միութեան ատենապետ Սալբի…

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳԵՐԱԶԱՆՑ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին, Ուրբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ  հայկական երկրորդական վարժարաններու գերազանց աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը:  Այս առիթով պարգեւատրուեցան Ճեմարանի հետեւեալ շրջանաւարտները՝ Պասուս Ճոյ, Խաչատուրեան Արենի, Սերուժեան Նարօտ, Քեչէք Ֆիլիփ, Թաշճեան Յակոբ, Աճէմեան Մարիա, Ծատուրեան Բալիկ, Փափազեան Լիանա, Սեմէրճեան Նանէ-Սոֆի, Թաշճեան Արին,…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԵՏԱՔՍԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Ուրբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2017-ին, մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին մետաքսի թանգարան (Silk Museum, Bsous, Aley): Փոքրիկները դիտեցին մետաքսի պատրաստութեան հանգրուանները, անոնք տեսան խոզակը, շերամը, շերեփուկը, ապա՝ թիթեռնիկը: Անոնք դիտեցին նաեւ տեսերիզ մը, ինչպէս նաեւ՝ զանազան երկիրներու հագուստներ եւ ամրապնդեցին «մաման կը կարէ» դասէն իրենց ստացած…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՏՊԱՐԱՆ

Ուրբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2017-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտները այցելեցին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանը։ Անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին տպարանի գործիքները եւ մօտէն հետեւեցան տպագրական աշխատանքի ընթացքին։ Աշակերտները նուէր գիրքերով վերադարձան դպրոց: Շնորհակալութիւն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի տնօրէնութեան:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2017-ին, նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանը: Աշակերտները բացատրութիւններ ստացան թանգարանային իրերուն մասին եւ ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները:

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ «THE VOICE KIDS» ՅԱՅՏԱԳԻՐԻ 2016-2017 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՀԱՅ ՄԱՍՆԱԿԻՑ MAE-Ն ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ճեմարան այցելեց ֆրանսական «THE VOICE KIDS» յայտագիրի 2016-2017 տարեշրջանի  հայ մասնակից MAE-ն, որ մաս կազմեց Patrick Fiori-ի խումբին եւ հասաւ կիսաւարտական հանգրուան: MAE-ն հանդիպեցաւ Զ., Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտներուն հետ, երգեց, պատմեց իր փորձառութիւնը, պատասխանեց անոնց հարցումներուն եւ նկարուեցաւ բոլորին հետ: