ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆԻՆ

«Գրելու արուեստը» բնաբանի ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 1 Փետրուար 2017-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները իրենց հայերէն լեզուի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի գրասենեակը: Աշակերտները տեսան մատեաններ եւ ձեռագիր գիրքեր 1500 թուականէն: Երուանդ Փամպուքեան իրենց բացատրութիւններ տուաւ «մեսրոպեան երկաթագիր» տառերուն, ծաղկողներուն, մանրանկարչութեան, տառերու տեսակներուն, ինչպէս նաեւ թուղթերու որակին մասին:…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԲԱԳԻՆ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ

Երկուշաբթի, 30 Յունուար 2017-ին, ԺԲ. գրական դասարանի աշակերտներս այցելեցինք «Բագին» գրական հանդէսի խմբագրատուն, ուր հանդիպում ունեցանք «Բագին»ի փոխխմբագիր Նորա Բարսեղեանի հետ: Ան նախ անդրադարձաւ 1960-ական տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ գրական բեմի մը անհրաժեշտութեան, ապա՝ Հ. Յ. Դ. 16-րդ Ընդհանուր Ժողովին որոշումով «Բագին»ի առաջին թիւին հրատարակութեան՝ 1962 Յունուարին: Նորա…

Հ.Մ.Ը.Մ. ԼԵՎԱՄ – ՃԵՄԱՐԱՆԸ ԱՌԱՋԻՆ՝ ՓԻՆԿ-ՓՈՆԿԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱՅԻՆ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆՄԷՋ

Կիրակի 29 Յունուար 2017-ին, տեղի ունեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի ԼԵՎԱՄ-ի կազմակերպած փինկ-փոնկի մրցումները, Աղբալեան Հ.Մ.Ը.Մ. մարզամշակութային համալիրի, «Սերժ Թովմասեան» սրահէն ներս: Մրցբւմներու աւարտին, 33 կէտ ապահովելով, Ճեմարանը հանդիսացաւ առաջին՝ փինկ-փոնկի վարժարաններու խմբային դասաւորման մէջ: Ստորեւ Ճեմարանի աշակերտներուն ապահոված արդիւնքները.-   2005 / 2006 –ի ծնունդ աղջիկներ՝ Արին Հանաշեան (երկրորդ), Սարին…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Ուրբաթ, 20 Յունուար 2017-ի երեկոյեան, Չալեան սրահէն, տեղի ունեցաւ մանկամսուրի ծնողներուն հետ ծանօթացման հանդիպում մը: Մանկամսուրի պատասխանատու Թալին Փափիրեան խօսեցաւ մանկամսուրի գործունէութեան ու առօրեային մասին, ապա մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիյեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Նորսիկեան մանկապարտէզի սկզբունքներն ու ծրագիրը: Հանդիպման աւարտին Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան պատմական հակիրճ ակնարկէ մը ետք, ընդհանուր…

ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆՈՎ ԱՊՈՒՐ

Չորեքշաբթի, 18 Յունուար 2017-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները բանջարեղէնի ապուր պատրաստեցին, ապա համով-համով ճաշեցին:

Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ հանգուցեալ Մարգրիտ եւ Գուրգէն Ասատուրեաններ Համազգայինի Ճեմարանին կտակած են մէկ միլիոն երկու հարիւր իննսունինը հազար եւ քառասուն ամերիկեան տոլարի գումար մը: Տնօրէնութիւնս մեծապէս երախտապարտ է Մարգրիտ եւ Գուրգէն Ասատուրեաններուն` իրենց այս ազնուական նուիրատուութեան համար, եւ շնորհակալութիւն կը…

ՃԱՏՐԱԿ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած ճատրակի մրցումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 15 Յունուար 2017-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Ստորեւ կը ներկայացնենք Ճեմարանի աշակերտներուն արդիւնքները.-   2009-2010-ի ծնունդ տղաք՝ Հայկ Ժերթիտեան (երկրորդ), Արմէն Մխճեան (երրորդ)   2007-2008-ի ծնունդ աղջիկներ՝ Ժիւլիանա Թրթռեան (երկրորդ), Լոռի…

ԹԷՅ ՈՒ ԿՍԿՈՒԾ

Չորեքշաբթի, 18 Յունուար 2017-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները միասնաբար ճաշակեցին իրենց պատրաստած տաք թէյը՝ կսկուծով:  

ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեմարանականներու հաւաքը, կազմակերպութեամբ Մոնթրէալի ճեմարանականներու վարչութեան: Հակառակ դուրսը տիրող սառնամանիքին (-15 ջերմաստիճան) հաւաքին ներկայ էին 35 հոգի, որոնցմէ յատկապէս յիշենք 1945-ի շրջանաւարտ Մանուշակ Նահապետեան Յակոբեանը: Սերժ Եսայեան զեկուցեց վարչութեան գործունէութեան մասին, ապա տեսերիզի միջոցով ներկաներուն ցուցադրուեցաւ Ճեմարանի տնօրէնուհի…

«ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ»-ի «ԱՆՍԽԱԼ ԳՐԵՆՔ» ՄՐՑՈՒՄԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

«Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»-ի «Անսխալ գրենք» մրցումին մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Ստորեւ Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. -Դ. դասարանէն Արամ Աղասարգիսեան, Ժուլիանա Թրթռեան եւ Լոռի Աւետիս (2 սխալ): -Ե. դասարանէն Լոռի Մխճեան (1 սխալ): -Զ. դասարանէն Գալին Գիլեճեան (1…