ՆՈՐ ԽԱՂԱԼԻԿՆԵՐ

Խաղը մաս կը կազմէ դաստիարակութեան: Փոքր տարիքին երեխան խաղի միջոցով շատ բան կը հասկնայ եւ կը բացայայտէ: Խաղն ու խաղալիկը կը զարգացնեն երեխային ունակութիւնը, յիշողութիւնը, տրամաբանութիւնը եւ երեւակայութիւնը:

Այս դիտանկիւնէն մեկնելով, 2017-2018 տարեշրջանին, մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանները օժտուեցան նոր խաղալիկներով եւ խաղի անկիւններով: