«ԼՈՒՍԻՆ ՄԱԼԻՔԵԱՆ» ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԵՐԵԿՈՅ

«Ազդակ» օրաթերթ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին եւ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան, Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին,  «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2016-2017 տարեշրջանի «Լուսին Մալիքեան» սերունդի շրջանաւարտներու ընդունելութիւն եւ յիշատակի երեկոյ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ շրջանաւարտներու միութեան ատենապետ Սալբի Ծատուրեան-Խաչատուրեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, ապա հրաւիրեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանը, որ իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ այս տարի ճեմարանի տնօրէնութիւնը եւ Շրջանաւարտներու միութեան վարչութիւնը յարմար նկատած են 2016-2017 տարեշրջանի շրջանաւարտներու սերունդը կոչել «Լուսին Մալիքեան» սերունդ` ի յիշատակ ճեմարանի երկար տարիներու մանկապարտիզպանուհի, կրթական մշակ, օրինակելի մանկավարժ եւ գիրքերու հեղինակ Լուսին Մալիքեանի: Ան ըսաւ. «Կարելի չէ կազմակերպել ընդունելութեան հաւաք` առանց յարգանքի եւ երախտագիտութիւն մատուցելու Լուսին Մալիքեանին ու իր մանկավարժական բեղուն գործունէութեան, հետեւաբար ստեղծեցինք այս երեկոն, որուն ընթացքին կը դիմաւորենք մեր նոր շրջանաւարտները. ինչպէս նաեւ վկայութիւններու եւ յիշատակներու ընդմէջէն կը վերակենդանացնենք Լուսին Մալիքեան մանկավարժը»:

Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ան ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ այսօր հոս էք` իբրեւ ճեմարանի շրջանաւարտներ, հպարտ եմ ձեզմով եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին յաջողութեամբ, շատ ուրախ  եմ նաեւ, որ ձեզի պէս աշխուժ, աշխատանքը սիրող եւ բազմատաղանդ սերունդ մը պիտի կնքուի Լուսին Մալիքեան մեծ մանկավարժի անունով` սերունդի կնքամայր ունենալով  Հուրի Եղիայեանը»: Փ. Եղիայեան յայտնեց, որ Լուսին Մալիքեանի պատրաստած դասագիրքերուն եւ աշխատանքային տետրակներուն շնորհիւ է, որ մենք բոլորս սորվեցանք հայերէն կարդալ ու գրել: Ապա աւարտեց խօսքը` ըսելով. «Բարի՛ երթ եւ յաջողութի՛ւն ձեր բոլոր ծրագիրներուն: Ճեմարանը մեզի համար դպրոցէ մը աւելին է, ճեմարանը մեր բոլորին երկրորդ տունն է: Լուսին Մալիքեանի մանկավարժական սկզբունքներով դուք հասակ առիք, Շանթի ու Աղբալեանի մարդակերտման սկզբունքներուն հետեւելով` եղաք ինքնաբաւ երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, մնացէք միշտ փայլուն եւ մի՛ հեռանաք մեր ուխտավայր ճեմարանէն»:

Շրջանաւարտներուն կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ դպրոցական առօրեային եւ շրջանաւարտներու մասին ներկայացնող, ապա Մեղեդի Սնապեան կարդաց Լուսին Մալիքեանին կենսագրական տուեալները: Այնուհետեւ շրջանաւարտները հերթաբար ներկայացուցին իրենք զիրենք եւ իրենց համալսարանական մասնագիտութիւնը:

Ցուցադրուեցաւ Լուսին Մալիքեանին մասին վկայութիւններ բովանդակող տեսերիզ մը:

Խօսք առաւ 2016-2017 շրջանաւարտներու կնքամայր Հուրի Եղիայեանը, որ շրջանաւարտներուն ըսաւ, թէ իրենք բախտաւոր են Լուսին Մալիքեանի դասագիրքերով մեծնալուն եւ իր անունով կոչուելուն համար: Ապա խօսելով Լ. Մալիքեանին մասին` նշեց. «Պարզ, լայնախոհ, համեստ եւ բարի` հարցերը չէր բարդացներ: Աշխատասէր էր. մեր առաջին հանդիպումը եղած էր շաբաթ օր մը, կէսօրէ ետք, երբ  Լուսինը եկած էր ծաղիկները ջրելու. գրասենեակ չունէր, ուսուցչարանն ալ երկու շէնքերուն միջեւ սենեակ մըն էր, քանի մը սեղան` լեցուն մանկապարտէզի ծրագիրներուն մաս կազմող նիւթերով,- ըսաւ Հուրի Եղիայեանը, ապա շարունակեց.- Լուսինին համար դասագիրքերը ուղեցոյց էին, անոնց կողքին հսկայական աշխատանք կը տանէր. դասարանները պէտք էր զարդարուած ըլլային, նիւթին համապատասխան առարկաներ պէտք էր ապահովուած ըլլային: Լուսինը կը ծրագրէր, կը խանդավառէր մթնոլորտը, եւ բոլորս կ՛աշխատէինք: Այս բոլորը կ՛օգնէին` ստեղծագործելու, արտայայտուելու եւ կազմաւորուելու»:

Հուրի Եղիայեանը ըսաւ, որ Լուսինին աչքերը գոյն կը տեսնէին,  նորութիւնը կը գնահատէր: Լուսինը օգնած է նաեւ գաղութի բոլոր դպրոցներու մանկապարտէզներուն, վերաորակաւորման դասեր տուած է մանկապարտիզպանուհիներուն, ապա խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ. «Դուք արժանի էք «Լուսին Մալիքեան» սերունդ կոչուելու, որովհետեւ Լուսինի շունչով մեծցաք, եղաք աշխուժ, խանդավառ ու տաղանդաւոր տղաք ու աղջիկներ, քաջ եղէք, առողջ եղէք, արժանապատուութեամբ կրեցէք իր անունը»:

Լուսին Մալիքեանի ընտանիքին կողմէ սրտի խօսք արտասանեց Նորա Մալիքեանը: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Շրջանաւարտից միութիւնը շրջանաւարտները պիտի կոչէ «Լուսին Մալիքեան» սերունդ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան եւ ճեմարանի ընտանիքին, ապա կարդաց Լուսին Մալիքեանի դստեր` Թալին Մալիքեանին նամակը:

Շրջանաւարտներէն Սէրուժ Յովսէփեանի առաջնորդութեամբ, ներկաները հաճելի պահ մը ստեղծեցին` կարդալով «Պետիկն ու գայլը» գիրքէն հատուածներ, այնուհետեւ Տիգրան Ճինպաշեան եւ  Շաղիկ Մկրտիչեան իրենց վկայութիւններ տուին Լուսին Մալիքեանին մասին, իսկ Արփի Կոստանեան կարդաց այս առիթով Գարմէն Տէր Կարապետեանին գրած նամակը:

Ձեռնարկի աւարտին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն: