ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳԵՐԱԶԱՆՑ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին, Ուրբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ  հայկական երկրորդական վարժարաններու գերազանց աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը: 

Այս առիթով պարգեւատրուեցան Ճեմարանի հետեւեալ շրջանաւարտները՝ Պասուս Ճոյ, Խաչատուրեան Արենի, Սերուժեան Նարօտ, Քեչէք Ֆիլիփ, Թաշճեան Յակոբ, Աճէմեան Մարիա, Ծատուրեան Բալիկ, Փափազեան Լիանա, Սեմէրճեան Նանէ-Սոֆի, Թաշճեան Արին, Ապտըլ Նուր Էլի, Յովսէփեան Սէրուժ, Խանճիհանեան Բիւրակ: Սերուժեան Նարօտ արժանացաւ նաեւ հայագիտական նիւթերու մէջ գերազանց արդիւնքներ արձանագրած աշակերտի մրցանակին:

Կը շնորհաւորենք զիրենք եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք: