ՔՐՈՍ ՔԱՈՒՆԹՐԻ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբի կազմակերպած 2016 – 2017 տարեշրջանի առաջին մարզական մրցաշարքը՝ Եղբ. Վարդգէս Էսքիպաշեանի յիշատակին նուիրուած Քրոս Քաունթրին տեղի ունեցաւ Կիրակի, 6 Նոյեմբեր 2016-ին, Այնճարի թաղամասերուն մէջ, հովանաւորութեամբ եւ գործակցութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի վարչութեան ու սկաուտական խորհուրդին: Ստորեւ Ճեմարանի աշակերտներուն ապահոված արդիւնքները.- 2005…

ԴԷՊԻ ԱՅՆՃԱՐ

Հինգշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան, ԺԱ. դասարանի աշակերտները ճամբայ ելան դէպի Այնճար: Աշակերտներուն այցելութիւններու յայտագիրը սկսաւ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոնէն, ուր յուշակոթողին մօտ, զիրենք դիմաւորեց Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, որ ներկայացուց Այնճարի ամփոփ պատմութիւնը: Աշակերտները Հ. Յ. Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան անդամ Ժագ Տաղլեանի առաջնորդութեամբ շրջեցան կեդրոնի զանազան…

ԱՇՆԱՆ ՊՏՈՒՂՆԵՐՈՎ ԿԱՐԿԱՆԴԱԿ

Ուրբաթ, 4 Նոյեմբեր 2016-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի աշակերտները դիտելէ ետք աշնան պտուղները, անոնցմով կարկանդակ պատրաստեցին ու ճաշակեցին:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹ

Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2016-ին, մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին «Մուաաուատ» գրախանութը՝ ամրապնդելու համար գրախանութի վերաբերեալ իրենց գիտելիքներն ու բառամթերքը։ Անոնք շրջեցան գրախանութին զանազան բաժինները եւ դիտեցին գրենական պիտոյքները։ Այցելութեան աւարտին, աշակերտները նուէրներ ստացան գրախանութէն:

MODEL UNITED NATIONS (MUN)

Այս տարի եւս, Ճեմարանի Ժ. դասարանէն 16 աշակերտներ պիտի մասնակցին Լիբանան-Ամերիկեան համալսարանի (LAU) «MUN Global Classrooms»-ի վարժանքներուն: Այս վարժանքներուն ընթացքին, Լիբանանի տարբեր դպրոցներէ եկած աշակերտներ դէմ յանդիման պիտի գան աշխարհը յուզող ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական հրատապ տագնապներուն: Անոնք պիտի սորվին զարգացնել իրենց փնտռտուքի, դիւանագիտական յարաբերութեան, հանրային հրապարակախօսութեան եւ…

ՎԱՐՁՔԴ ԿԱՏԱՐ ՍԻՐԵԼԻ՛ ՏՆՕՐԷՆ

Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Ճեմարանի անձնակազմի առաջին ընդհանուր ժողովէն ետք, Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ընթրիք՝ վերամուտի առիթով եւ ի պատիւ բազմավաստակ տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի, ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան եւ ամբողջ անձնակազմին:   Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան նկարներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց երկարամեայ տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի…

ՄԱԳԱՂԱԹ

Տարրական բաժինի Գ. դասարաններու աշակերտները Թարգմանչաց տօնին առիթով սորվեցան Մեսրոպ Մաշտոցին նուիրուած բանաստեղծութիւն մը, ինչպէս նաեւ՝ գիրերու գիւտին մասին ընթերցանութեան դաս մը: Յիշեալ բնաբանի աւարտին, աշակերտները մագաղաթ պատրաստեցին հայերէն լեզուի ուսուցչուհիին օգնութեամբ:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՏՊԱՐԱՆ ԵՒ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹ

Չորեքշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2016-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները մեծ ուրախութեամբ ուղղուեցան դէպի Համազգայինի տպարանը։ Անոնք դիտեցին տպարանի գործիքները եւ մօտէն հետեւեցան տպագրական աշխատանքի հանգրուաններուն։ Աշակերտներուն մտքին մէջ յստակ դարձաւ գիրքի մը մեծաքանակ արտադրութեան աշխատանքի ձեւը։ Տպարանէն ետք, անոնք ուղղուեցան Համազգայինի գրախանութը, դիտեցին հոն ցուցադրուած եւ վաճառքի դրուած…

ԺԷԻԹԱՅԻ ՔԱՐԱՅՐԸ (Jeita grotto)

Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2016-ին, այցելեցինք Լիբանանի գեղեցիկ քարայրներէն մէկը՝ Ժէիթան: Երբ հասանք, իջանք հանրաշարժներէն եւ նկարուեցանք ուսուցիչներուն հետ, ապա ուղղուեցանք դէպի ճոպանուղիները, հասնելու համար վերի քարայրին մուտքին: Ունկնդրեցինք եւ դիտեցինք վաւերագրական ժապաւէն մը այս սքանչելի քարայրին կազմաւորումին ու պատմութեան մասին: Այս կարճ տեսերիզէն ետք, ուսուցիչները մեզ առաջնորդեցին դէպի…

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ

Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2016-ին, ժամը 1:30-ին, տարրական բաժինի աշակերտները բացօթեայ խաղավայրին մէջ նշեցին թարգմանչաց տօնը: Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դասարաններու աշակերտները երգեր ու արտասանութիւններ նուիրեցին Մեսրոպ Մաշտոցին եւ թարգմանիչներու սերունդին: Ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն ծնած աշակերտներուն տարեդարձներու նշումով:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԵՏԱՔՍԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2016-ին, մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին մետաքսի թանգարան (Silk Museum, Bsous, Aley): Փոքրիկները դիտեցին մետաքսի պատրաստութեան հանգրուանները, անոնք տեսան խոզակը, շերամը, շերեփուկը, ապա՝ թիթեռնիկը: Անոնք դիտեցին նաեւ տեսերիզ մը, ինչպէս նաեւ՝ զանազան երկիրներու հագուստներ եւ ամրապնդեցին «մաման կը կարէ» դասէն իրենց ստացած…

ԴԱՍԱՊԱՀ ՄԸ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2016-ին, Կոմիտասի մահուան 81-րդ ամեակին առիթով միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները ունկնդրեցին մեծ երաժիշտին յօրինած կտորներէն, ապա  Պետօ Գալուստեան ներկայացուց Կոմիտասի կեանքը, գործունէութիւնն ու անոր ողբերգական վախճանը: Այնուհետեւ անոնք ուղղուեցան դէպի դպրոցին մուտքին գտնուող Կոմիտասի կիսանդրին, ուր վարդեր զետեղեցին եւ ունկնդրեցին «Կռունկ»ը: