ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ

Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2016-ին, ժամը 1:30-ին, տարրական բաժինի աշակերտները բացօթեայ խաղավայրին մէջ նշեցին թարգմանչաց տօնը:

Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դասարաններու աշակերտները երգեր ու արտասանութիւններ նուիրեցին Մեսրոպ Մաշտոցին եւ թարգմանիչներու սերունդին:

Ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն ծնած աշակերտներուն տարեդարձներու նշումով: