ԺԷԻԹԱՅԻ ՔԱՐԱՅՐԸ (Jeita grotto)

Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2016-ին, այցելեցինք Լիբանանի գեղեցիկ քարայրներէն մէկը՝ Ժէիթան:

Երբ հասանք, իջանք հանրաշարժներէն եւ նկարուեցանք ուսուցիչներուն հետ, ապա ուղղուեցանք դէպի ճոպանուղիները, հասնելու համար վերի քարայրին մուտքին: Ունկնդրեցինք եւ դիտեցինք վաւերագրական ժապաւէն մը այս սքանչելի քարայրին կազմաւորումին ու պատմութեան մասին:

Այս կարճ տեսերիզէն ետք, ուսուցիչները մեզ առաջնորդեցին դէպի դրախտային քարայրին մուտքը: Ապշած դիտեցինք հազարամեայ շթաքարերն ու փայլուն ժայռերը: Ուսուցչուհիներուն հետ զրուցելով ու կատակելով հասանք քարայրին խորերը եւ բարձրացանք աստիճաններէն հասնելու համար անձաւին եւ դիտելու պսպղուն առաստաղը:

Երբ կը վերադառնայինք դէպի քարայրին մուտքը, նկատեցինք հազարաւոր բիւրեղներ: Նկատեցինք ցոլացող ու գեղեցիկ սառոյցի կտորը, որ մօտաւորապէս քսան տարուան ընթացքին կառուցուած էր: Ապա ելանք սքանչելի այրէն եւ ուղղուեցանք դէպի յաջորդ քարայրը, ուր փոքր նաւերով պտըտեցանք եւ դիտեցինք շթաքարերն ու պտկաքարերը, որոնց մասին կարդացած էինք Դ. Վարուժանի  «Աղբիւր» դասին մէջ:

Ժամը 2-ին վերադարձանք դպրոց ու խօսեցանք այս երազային այրին մասին:

Նանոր Հեյպէլեան

Հէլէն Ադամեան

Ը. դասարան