ՎԱՐՁՔԴ ԿԱՏԱՐ ՍԻՐԵԼԻ՛ ՏՆՕՐԷՆ

Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Ճեմարանի անձնակազմի առաջին ընդհանուր ժողովէն ետք, Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ընթրիք՝ վերամուտի առիթով եւ ի պատիւ բազմավաստակ տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի, ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան եւ ամբողջ անձնակազմին:  

Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան նկարներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց երկարամեայ տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի կրթական եւ հասարակական գործունէութիւնը սկսելով Լիբանանէն հասնելով Ֆրանսա, ապա՝ Քուէյթ, Հայաստան եւ 1994-էն սկսեալ դարձեալ Լիբանան՝ Ճեմարան:

Ուսուցչական կազմին կողմէ սրտի խօսք փոխանցեց Վաչէ Ծատուրեան, իսկ պաշտօնէութեան կողմէ՝ Փիթըր Գարակէօզեան: Յարգանքի ու երախտագիտութեան խօսք փոխանցեց նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան:

Աւարտին, Ճեմարանի անձնակազմին կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Տիգրան Ճինպաշեանի, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին եւ յաջողութիւն մաղթեց Ճեմարանին:

Երեկոն աւարտեցաւ յիշատակի լուսանկարով մը: