ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ST. JUDE ԿԵԴՐՈՆԷՆ

Չորեքշաբթի, 27 Փետրուար 2013-ին, Children’s Cancer Center – St. Jude Կեդրոնէն Մամտուհ Նուրի եւ Մարիա Մամլուք այցելեցին Ճեմարան եւ նախակրթարանի ու միջնակարգի աշակերտներուն ներկայացուցին Կեդրոնը՝ տեսերիզով մը։ Աշակերտները հարցումներ ուղղեցին եւ լաւապէս ծանօթացան Կեդրոնի հսկայական աշխատանքներուն։ St. Jude Կեդրոնը կ՚ընդունի քաղցկեղէ վարակուած փոքրիկները մինչեւ 18 տարեկան՝ բոլորովին ձրի։ Մեծածախս այս բուժումին համար յատուկ աշխատանքներ կը տարուին (fund raising)։ Աշակերտները ուրախութեամբ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն այս դրամահաւաքին՝ մասնակցելով երեք տեսակ աշխատանքներու. Ա., Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները՝ Draw a ton, Գ. Դ. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները՝ Math a ton, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները՝ Letter a ton։ Երբ աշխատանքները եւ գումարները ուղարկուին St. Jude Կեդրոն, աշակերտները պիտի ստանան շնորհակալական նուէրներ։