ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

Ճեմարանի մանկամսուրի փոքրիկները իրենց առօրեան կ՚անցընեն խաղերով, երգերով, չափականութեամբ ու ձեռային աշխատանքով։ Ուրախ, խանդավառ եւ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ անոնք կը սորվին ազատ ու համարձակ արտայայտուիլ՝ իւրացնելով միշտ նոր բառամթերք։ Մանկամսուրի փոքրիկը հետզհետէ կը դառնայ ինքնաբաւ, երբ կը սորվի առողջապահութեան մասին ու ինք կը լոգցնէ պուպրիկը, երբ կարկանդակի պատրաստութեան կը մասնակցի, երբ հունտը կը ցանէ, եւայլն…։