ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԾՈՎԱՅԻՆ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Գիտութեան դասի ամրապնդումին համար, Ուրբաթ, 15 Մարտ, 2013-ին, Դ. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին «Les merveilles de la mer» ծովային անասուններու թանգարանը, ուր անոնց ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը՝ ծովային անասուններու մասին: Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն, ապա պատասխանեցին թանգարանի այդ բաժնի հաղորդավարին հարցումներուն, որմէ ետք թանգարանին մէջ ցուցադրուած «aquarium»ներու մէջ ապրող անասունները դիտեցին: