ԿՈՉ
Ճեմարանականներուն եւ Ճեմարանի բարեկամներուն

Համազգայինի Հայ Ճեմարանի (Նշան Փալանճեան Ճեմարան, ապա՝ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան) բազմավաստակ ուսուցիչ Անթուան Քեհեայեանի (Սըր) մահը ցաւով ու ափսոսանքով ընկալուեցաւ իրեն աշակերտած բազմահազար ճեմարանականներու ու Ճեմարանի բարեկամներու կողմէ։ Անթուան Քեհեայեանը գրեթէ կէս դար սպասարկեց հայ դպրոցին ամբողջական նուիրումով, սիրով, հայ աշակերտին ու շրջապատին օգտակար հանդիսանալու անմնացորդ նուիրումով։ Մեծ է թիւը բոլոր անոնց, որոնք երախտապարտ են Սըրին, իրենց հետագայ յաջողութիւններուն համար։ Մեր սիրելի Սըրին յիշատակը պահպանելու համար, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ Ճեմարանի Տնօրէնութինը կը հաստատեն «Անթուան Քեհեայեան-ՍԸՐ հիմնադրամ»ը։ «Անթուան Քեհեայեան-ՍԸՐ հիմնադրամ»ը պիտի մնայ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան տրամադրութեան տակ եւ պիտի ըլլայ անձեռնմխելի։ Ամէն տարի Ճեմարանի սաներու ֆոնտին պիտի փոխանցուի հիմնադրամի շահարկումէն գոյացած հասոյթը։ Ձեր նուիրատուութիւնը «Անթուան Քեհեայեան-ՍԸՐ հիմնադրամ»-ին կրնաք կատարել. -Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան -Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանին -Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ճեմարանականներու Ընկերակցութեան միջոցով, նշելով նպատակը։ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան