ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆ

Չորեքշաբթի, 7 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները նշեցին հայրերու տօնը։ Անոնք հայրերուն ներկայացուցին իրենց պատրաստած երգերը, պարերը եւ արտասանութիւնները։ Աշակերտները իրենց հայրերուն հետ մասնակցեցան խաղերու եւ միասնաբար երգեցին ու պարեցին ճոխ մթնոլորտի մէջ: Ձեռնարկի աւարտին, իւրաքանչիւր աշակերտ իր հօրը նուիրեց իր պատրաստած ձեռային…

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Չորեքշաբթի, 7 Փետրուար 2018-ին, Տիկ. Սօսէ Ճինպաշեան նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն փոխանցեց բարեկենդանի խորհուրդը: Ան աշակերտներուն ներկայացուց «ակլատիզ»ը՝ մեծ պահքի ծիսական տիկնիկը, եւ անոնց սորվեցուց հայկական մանկապատանեկան խաղեր ու երգեր:  Տիկ. Սօսէ  խօսեցաւ նաեւ կենաց ծառին եւ անոր վերաբերող ժողովրդային աւանդական սովորութիւններուն ու հաւատալիքներուն մասին:   Յայտագրի երկրորդ բաժինը…

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՄԱԿՆԵՐ

Երեքշաբթի, 6 Փետրուար 2018-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները հայերէն լեզուի դասապահուն պատրաստեցին հայկական դիմակներ:

ԳԼԷԱ ԱՐԱՊԱՂԵԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ

Կիրակի, 4 Փետրուար 2018-ին, Ժամհուր ակումբին մէջ կայացած վուշու քունկ ֆուի Լիբանանի բաժակի մրցումներուն, Ե. դասարանի աշակերտուհի Գլէա Արապաղեան տիրացաւ իր դասակարգի առաջնութեան։  Կը շնորհաւորենք Գլէան եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրեն։

ԱՂԲԵՐՈՒ ԶՏՈՒՄ ԵՒ ՎԵՐԱՄՇԱԿՈՒՄ

Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2018-ին, ընկերային ծառայողը նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց «աղբերու զտում եւ վերամշակում» նիւթը: Ան ցոյց տուաւ յատուկ տոպրակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ կը զետեղուի թուղթ, կերպընկալ, ապակի, թիթեղ եւ ուտեստեղէն: Աշակերտները անդրադարձան, որ պէտք է նուազեցնել աղբերը, կրկին գործածել որոշ իրեր եթէ կարելի է եւ ամէնէն…

ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆՈՎ ԱՊՈՒՐ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵՆՔ

Ձմրան մասին բաւական գիտելիք ստանալէ ետք, մանկամսուրի փոքրիկները ծանօթացան բանջարեղէններու տեսակներուն եւ պատրաստեցին համեղ ապուր մը, ապա միասնաբար ճաշակեցին:

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

Նորսիկեան մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները իրենց ձեռքերու մկանները զարգացնող ձեռային աշխատանքներ կ’ընեն:

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ

Երեքշաբթի, 23 Յունուար 2018-ին, Ճեմարանի մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց «10-11 տարեկան պատանին իր ընտանիքին մէջ» նիւթը: Ան խօսեցաւ պատանիին մասին՝ իր ընտանիքին մէջ, դպրոցին մէջ եւ ընկերութեան մէջ առհասարակ. ի՞նչ են անոր պարտաւորութիւնները, իրաւունքները եւ պատասխանատուութիւնները: Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան եւ սորվեցան բանաձեւել…

ՔՐՈՍ ՔԱՈՒՆԹՐԻ

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր դպրոցին, Շաբաթ, 20 Յունուար 2018-ին, տեղի ունեցաւ Քրոս Քաունթրիի միջդպրոցական մրցաշարքը: 2003-2004 տարիքային դասակարգին մէջ, Ճեմարանի աշակերտներէն Հրակ Ճինպաշեան 4-րդ դիրքը գրաւեց. Հրակին կողքին կային Արմէն Եղիայեանը եւ Ժագոպ Աճէմեանը, իսկ 2001-2002 դասակարգին մէջ Հրակ Թորոսեան գրաւեց 6-րդ դիրքը. Հրակին կողքին էր նաեւ Արի Աւետիսը:

ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ ԿԱՊՈՅՏ ԳՈՅՆԸ

Մանկամսուրի փոքրիկները սորվեցան կապոյտ գոյնը զանազան խաղերով եւ կապոյտ գոյնով առարկաներ շօշափելով:

ՄԱՐԴԱԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ, ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔ

Երկուշաբթի, 22 Յունուար 2018-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ Տոքթ. Իշխան Եղիայեան նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց «մարդակազմութիւն, առողջապահութիւն եւ ակռաներու խնամք» նիւթը: Տոքթ. Իշխան խօսեցաւ մարդակազմութեան, առողջ ապրելու, լաւ սննդականոնի եւ ակռաներու խնամքին մասին: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան եւ ստացան իրենց հարցումներուն լուսաբանութիւնները: