ԱՐՋԱՄՈՒԿԸ

Տարրական բաժինի Ա. Դասարաններու աշակերտները գիտութեան դասապահուն հիւրընկալեցին Դերային չարաճճի արջամուկը՝ Թայսընը։ Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ դիտեցին այս հետաքրքրական հիւրը, ուսումնասիրեցին զինք եւ անոր մասին տեղեկութիւններ ստացան։ Այս հիւրընկալութեամբ աշակերտները թէ´ զուարճացան եւ թէ ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները։

ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՐԹՈՒՐ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆԻ ՀԵՏ

Երեքշաբթի, 14 Փետրուար 2012-ին, Զ. դասարաններու աշակերտները թուաբանութեան դասապահուն կատարեցին խմբական աշխատանք (վարժութիւններ եւ տրամաբանական խնդիրներ), հսկողութեամբ՝ Երեւանի «Անանիա Շիրակացի» անուան Ճեմարանի ուսուցիչ Արթուր Գաբրիէլեանի։ Վերոյիշեալ աշխատանքին նպատակն է նիւթի իւրացում, խնդիրներու լուծում եւ մանաւանդ՝ համագործակցութիւն։

ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՄԷՋ

Զ. Դասարաններու աշակերտները ֆրանսերէն լեզուով պատմութիւն-աշխարհագրութիւն դասանիւթի ծիրէն ներս սորվեցան Միջին Արեւելքի հին ժողովուրդներուն եւ անոնց մշակոյթին մասին։ Աշակերտները ըստ իրենց ընտրութեան կատարեցին ուսումնասիրութիւններ՝ երկրի մը եւ անոր բնակչութեան մասին։ Անոնք իրենց աշխատանքներուն ներկայացումը կատարելէ ետք, զանոնք զետեղեցին պատի թերթի վրայ։

ԼԵՎԱՄ

Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, Կիրակի 26 Փետրուար 2012-ին, առաւօտեան ժամը 8-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտին մէջ տեղի ունեցան ԼԵՎԱՄի աթլեթիզմի խաղերը, որոնք կ’ընդգրկէին կարճ եւ երկար վազքի, գունդի նետման, մէկ քայլ ոստումի եւ դրօշարշաւի մրցումներ: Այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ 10 վարժարաններէ 177 երկսեռ…

«ԽԵՑԻՆԵՐ»

Ուրբաթ, 24 Փետրուար 2012-ին, Թ. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան «Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական գրասենեակին կազմակերպած «Խեցիներ» թատերգութեան աշակերտական ելոյթին։ Ճեմարանի շրջանաւարտ Հրակ Փափազեան լաւագոյնս մարմնաւորեց կերպարը այն երիտասարդին, որ զաւակն է խման հօր ու անոր հարուածներուն մնայուն զոհը դարձած մօր։ Այդ զաւակը դարձած է թմրամոլ ու հասած բուժարան, ուր…

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՄԷՋ

Մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց շատ սիրելի տօնը՝ բարեկենդանը, նշեցին Չորեքշաբթի 15 Փետրուար 2012-ին։ Անոնք առաւօտեան սովորական ժամուն ծպտուած դպրոց ժամանեցին ։ Ուսուցիչները այդ օրուան համար յատուկ յայտագիր, խաղեր ու հիւրասիրութիւն պատրաստած էին։ Փոքրիկները երգեցին, պարեցին ու «տողանցեցին» մինչեւ տնօրէնութեան գրասենեակներն ու տարրական բաժին, այցելեցին իրենց մեծ ընկերներուն եւ անոնց…

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան վարչութեան, Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2012-ին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին մէջ տեղի ունեցաւ 2010-2011 տարեշրջանի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» սերունդի ընդունելութիւնը` կնքահայրութեամբ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի: Վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Փաթիլ Եսայեան, որ նշեց, թէ այս տարի 62 նոր…

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 15 Փետրուար 2012-ին տարրական բաժինի աշակերտները խանդավառ մթնոլորտի մէջ նշեցին բարեկենդանը։ Անոնք երգեցին, արտասանեցին եւ ցուցադրեցին իրենց տարազները։ Այս բոլորէն ետք անոնք ճաշակեցին դպրոցին կողմէ տրամադրուած «պրիոշ»ները։ Հետաքրքրական խաղերէ ետք, բարեկենդանի ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ խմբական պարերով։

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Չորեքշաբթի, 15 Փետրուար 2012-ին նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները նշեցին Վարդանանց պատերազմի յիշատակը եւ Արցախի ազատագրումը, Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան սրահին մէջ։ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կարդաց Ը. դասարանէն Սարհատ Հանտեան, որ անդրադառնալով Աւարայրի ճակատամարտին եւ Արցախեան գոյամարտին ըսաւ. «Հայը միշտ զոհուած է իր ազգին, հայրենիքին…

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԼՈՒՐԵՐ

Չորեքշաբթի, 8 Փետրուար 2012-ին մանկական երգերու մեկնաբան Մակին այցելեց Ճեմարան եւ հանդիպում ունեցաւ Բ. դասարաններու աշակերտներուն հետ, որոնք մեծ ուրախութեամբ Մակիին ընկերակցութեամբ երգեցին իրենց սիրած երգերը։ Ուրբաթ, 10 Փետրուար 2012-ին Բ. դասարաններու աշակերտները ֆրանսերէնի դասապահուն պտուղի աղցան պատրաստեցին ամրապնդելով իրենց սորված բառամթերքը։ Բոլորը աշխատեցան եւ ճաշակեցին համեղ աղցանը։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ WOODEN BAKERY

Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2012-ին տարրական բաժինի առաջին դասարանի աշակերտները այցելեցին Wooden Bakery։ Անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին հացի եւ այլ խմորեղէններու ու անուշեղէններու պատրաստութիւնը։ Բոլոր աշակերտները ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները մեծ ախորժակով ճաշակելէ ետք թարմ donut-ները։ Անոնք ուրախ-զուարթ դպրոց վերադարձան։

ԼՈՒՐԵՐ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԷՆ

Հինգշաբթի 2 եւ Ուրբաթ 3 Փետրուար 2012-ին Մանկամսուրի 2-3 տարեկան փոքրիկները շարունակեցին ամրապնդել առողջապահութեան ու մաքրութեան վերաբերող իրենց գիտելիքները։ Փոքրիկները իմացան ուտելէ առաջ եւ վերջ ձեռքերը օճառելու, ինչպէս նաեւ ակռաները մաքուր պահելու կարեւորութիւնը։ Ուսուցիչին թելադրանքները լսելէ ետք, երեխաները խոզանակեցին իրենց ակռաները։ Մինչ «մեծ» փոքրիկները իրենց գիտելիքները կը հարստացնէին,…