ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Չորեքշաբթի, 15 Փետրուար 2012-ին նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները նշեցին Վարդանանց պատերազմի յիշատակը եւ Արցախի ազատագրումը, Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան սրահին մէջ։ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կարդաց Ը. դասարանէն Սարհատ Հանտեան, որ անդրադառնալով Աւարայրի ճակատամարտին եւ Արցախեան գոյամարտին ըսաւ. «Հայը միշտ զոհուած է իր ազգին, հայրենիքին եւ կրօնքին համար ու միշտ հասած է իր նպատակին։ Ինչպէս Գէորգ Չաւուշ ըսած է. «Յեղափոխութիւն, պատրաստ եմ անձս անգամ զոհելու գերագոյն նպատակիդ համար։ Թող մարին աչքերս, միայն թէ, թող ծագի Հայաստանի անկախութեան արեւը»։ Մեր ձայնը կը միացնենք Մամիկոնեաններուն, Գէորգ Չաւուշներուն, Արամ Մանուկեաններուն, Պետօներուն, ճեմարանական Վիգէն Զաքարեաններուն եւ կ՚ըսենք, որ դուք կաք ու կը մնաք մեր սրտերուն մէջ, որովհետեւ «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անկախութիւն է»»։ Բացման խօսքէն ետք, Դ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ երգեցին «Հիմի՞ Էլ Լռենք»ը, ապա Ե. դասարանէն աշակերտներ ներկայացուցին Վարդանանց պատմութեան առաջին մասը՝ 387-ի բաժանումէն ետք Արեւելեան Հայաստանի մարզպանութեան շրջանը, պարսիկ թագաւոր Յազկերտի ծրագիրն ու հրովարտակը, մինչեւ հայ նախարարներուն Տիզբոն կանչուիլը։ Ապա Թ. դասարանի աշակերտները Դերենիկ Դեմիրճեանի «Վարդանանք»ի «Բանտին մէջ» հատուածին թատերական ներկայացումով, ներկաները փոխադրեցին Տիզբոն, ուր Յազկերտի հրաւէրին ընդառաջելով հայ նախարարները ինկած էին պարսիկ արքային ծուղակը. անոնք բանտին մէջ կը գտնուէին երկընտրանքի առջեւ՝ հաւատքի ուրացում կամ մահ։ Հայ նախարարները ամէն ճիգ կը թափէին համոզելու սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանը առերես ուրանալու քրիստոնէութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ հայրենիք վերադառնալ։ Ի վերջոյ մարզպանն ու նախարարները յաջողեցան համոզել Վարդան Մամիկոնեանը, ու բոլորը երդում տուին առ Աստուած հաւատարիմ մնալու իրենց հաւատքին։ Թատերական ներկայացումէն ետք, Ե. դասարանի աշակերտները շարունակեցին պատմութիւնը՝ ներկայացնելով Աւարայրի Ճակատամարտին նախապատրաստութիւնը։ Ապա ցուցադրուեցաւ Աւարայրի Ճակատամարտին մասին տեսասալիկ մը, որմէ ետք Ե. դասարանի աշակերտները Վարդանանց պատմութիւնը աւարտեցին «Մահ իմացեալ անմահութիւն է, մահ ոչ իմացեալ մահ է» խօսքով։ Ը. դասարանէն Սագօ Եագուպեան արտասանեց «Մեզի Հայ Կ՚ ըսեն»ը, որմէ ետք Ե. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ երգեցին «Ղարաբաղ իմ» երգը։ Ապա ցուցադրուեցաւ Արցախեան պահանջատիրութիւնը ներկայացնող տեսասալիկ մը՝ Է. դասարանի աշակերտներուն մեկնաբանութեամբ։ Զ. դասարանէն Ռազմիկ Տէրունեան ասմունքեց «Դուք» բանաստեղծութիւնը, ապա Դ. դասարանի աշակերտները պարեցին «Արցախ»ը, որմէ ետք օրուան պատգամը փոխանցեց Երեւանի Անանիա Շիրակացի Ճեմարանի ուսուցչուհի Աշխէն Գրիգորեան։ Ան անդրադառնալով Հայոց Պատմութեան երկու կարեւոր իրադարձութիւններուն ըսաւ. «Մի՛ մոռնաք անցեալը, ան ապագայի ուսուցիչն է»։ Աշխէն Գրիգորեան օրուան լաւագոյն պատգամը համարեց Վարդան Մամիկոնեանի ճառը եւ ընթերցեց զայն, ապա Արցախի ազատագրական պայքարի հանգրուաններուն անդրադառնելէ ետք իր խօսքը փակեց ըսելով. «Չմոռնաք ուրկէ՞ եկած ենք, ի՛նչ կ՚ ընենք եւ ո՞ւր կ՚ երթանք»։ Վարդանանց տօնակատարութիւնը փակուեցաւ Արցախի քայլերգին ունկնդրութեամբ։