ԼՈՒՐԵՐ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԷՆ

Հինգշաբթի 2 եւ Ուրբաթ 3 Փետրուար 2012-ին Մանկամսուրի 2-3 տարեկան փոքրիկները շարունակեցին ամրապնդել առողջապահութեան ու մաքրութեան վերաբերող իրենց գիտելիքները։ Փոքրիկները իմացան ուտելէ առաջ եւ վերջ ձեռքերը օճառելու, ինչպէս նաեւ ակռաները մաքուր պահելու կարեւորութիւնը։ Ուսուցիչին թելադրանքները լսելէ ետք, երեխաները խոզանակեցին իրենց ակռաները։ Մինչ «մեծ» փոքրիկները իրենց գիտելիքները կը հարստացնէին, մանկամսուրի 1-2 տարեկան երեխաները ազատ խաղի իրենց «դասը» կը շարունակէին։