ԱՌՈՂՋ ԵՒ ՄԱՔՈՒՐ ԸԼԼԱԼ

Մինչ դպրոցի տարբեր կարգերու աշակերտները կիսամեայ քննութիւններ կ՚անցընեն, մանկամսուրի փոքրիկները կը շարունակեն իրենց «դպրոցական» առօրեան։ Ընդհանուր առողջապահութեան ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 1 Փետրուար 2012-ին մանկամսուրի 2-3 տարեկան փոքրիկները լոգցուցին «աղտոտ» պուպրիկը։ Փոքրիկները մաքրութեան վերաբերեալ անհրաժեշտ գիտելիքները ստացան, միաժամանակ ամրապնդեցին իրենց բառամթերքը, սորվելով՝ լոգարան, անձեռոց, սպունգ, հեղուկ եւ պարզ օճառ…