«Ի՞ՆՉՊԷՍ ԱՇԽԱՏԻԼ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ»

Երկուշաբթի, 23 Յունուար 2012-ին, ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան Ե. դասարաններու աշակերտներուն հետ արծարծեց «Ի՞նչպէս աշխատիլ քննութիւններու նախօրեակին» նիւթը։ Աշակերտները նախ ունկնդրեցին պատմութիւն մը՝ իրենց ուրախութեան եւ հոգեկան գոհունակութեան մասին, ապա զրոյցի ընդմէջէն անոնք արտայայտուեցան յաջողութեան եւ ինքզինք բարելաւելու կարեւորութեան մասին։ Անոնք եզրակացուցին, թէ երբ աշխատանքով յաջողութիւն ձեռք բերուի,…

«ԵՐԲ ՄԵԾՆԱՄ…»

Ուրբաթ, 27 Յունուար 2012-ին, «Ուրախ Տարեդարձ» խումբի ներկայացուցիչ Թալին Լատոյեան այցելեց Ճեմարան եւ տարրական բաժինի Գ1 եւ Գ2 դասարաններու աշակերտներուն ուղղեց «Երբ մեծնաս ի՞նչ կ՚ուզես ըլլալ» հարցումը։ Կիրակի, 29 Յունուար 2012-ի երեկոյեան ժամը 5։00-ին հարցազրոյցը պիտի սփռուի «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանէն։

Ի՞ՆՉՊԷՍ ԸԼԼԱԼ ԿՈԿԻԿ ՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 20 Յունուար 2012-ին, ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց «ի՞նչպէս կոկիկ, մաքուր եւ կազմակերպուած ըլլալ» նիւթը։ Աշակերտները ունկնդրեցին ծրագրուած ու կազմակերպուած ձեւով աշխատանքի մասին պատմութիւն մը, ապա տեղի ունեցաւ զրոյց, թէ ինչպիսի´ դժուարութիւններու կը հանդիպինք եթէ կոկիկ ու կազմակերպուած…

ՃԱՏՐԱԿ

Կազմակերպութեամբ ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Անթիլիասի մարզական վարչութեան, Կիրակի, 22 Յունուարին, ՀԲԸՄ «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 107 խաղացողներու: 8 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներէն` առաջին դիրքը գրաւեց Հրակ Լախեան, որ բաւական տպաւորիչ արդիւնք արձանագրելով առաւելագոյն 7 կէտը ապահովեց: 10 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն Լեւոն Գալայճեան…

ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, Կիրակի, 15 Յունուար 2011-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Սերժ Թովմասեան» սրահին մէջ տեղի ունեցան փինկ փոնկի մրցումները: Ստորեւ Ճեմարանի աշակերտներուն արձանագրած փայլուն արդիւնքները. 94/95 Տղաք – Աւետիս Մնջրեան՝երկրորդ – Յակոբ Նաճարեան եւ Սարհատ Գէթսէմանեան՝ երրորդ 94/95 Աղջիկներ – Կասիա Սամուէլեան՝ առաջին – Լալիկ Աղասարգիսեան՝ երկրորդ –…

ԼՈՒՐԵՐ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԷՆ

Կաղանդի արձակուրդին, տարրական բաժինի աշակերտները շարունակեցին փայլիլ ճատրակի եւ արուեստի աշխարհներուն մէջ։ Կազմակերպութեամբ «Եուրեքա Սենթըր»-ի յանձնախումբին (Ռապիէ), 30 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած ճատրակի մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ճեմարանէն վեց աշակերտներ, որոնցմէ տարրական բաժինէն Հրակ Լախեան հանդիսացաւ երկրորդ, Միկել Խանճեան՝ չորրորդ, իսկ Արմէն Եղիայեան՝ հինգերորդ։ Նշենք, որ նոյն մրցաշարքին, Արի…

ԼՈՒՐԵՐ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԷՆ

Ճեմարանի մանկամսուրը այս տարեշրջանին (մինչեւ Յունուար 2012) ունի 25 փոքրիկներ, բաժնուած 2 դասարաններու՝ 1-2 տարեկան եւ 2-3 տարեկան։ Փոքրիկները կը հետեւին մանկավարժական յատուկ ծրագրի մը՝ հսկողութեամբ փորձառու եւ մասնագիտացած անձնակազմի մը։ Փոքրիկները հոն կը սնանին իրենց տարիքին յատուկ սննդարար ուտելիքներով (նախաճաշ, ճաշ, պտուղ)՝ բոլորը պատրաստուած Նորսիկեան մանկապարտէզի արդիական…

«ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ»-Ի «ԱՆՍԽԱԼ ԳՐԵՆՔ» ՄՐՑՈՒՄԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2011-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Անսխալ գրենք» մրցումին մրցանակաբաշխութիւնը: Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներն են. 4-րդ դասարանէն՝ Նարէ Գոգօղլեան (1 սխալ), Կարէն Խիւտավերտեան (1 սխալ), Վահագն Պեզճեան (2 սխալ) 5-րդ դասարանէն՝ Նարօտ Մերտխանեան (1 սխալ), Լեւոն Գալայճեան (3 սխալ), Ռիթա Մուրատեան (3 սխալ) 6-րդ դասարանէն՝…