«ԵՐԲ ՄԵԾՆԱՄ…»

Ուրբաթ, 27 Յունուար 2012-ին, «Ուրախ Տարեդարձ» խումբի ներկայացուցիչ Թալին Լատոյեան այցելեց Ճեմարան եւ տարրական բաժինի Գ1 եւ Գ2 դասարաններու աշակերտներուն ուղղեց «Երբ մեծնաս ի՞նչ կ՚ուզես ըլլալ» հարցումը։ Կիրակի, 29 Յունուար 2012-ի երեկոյեան ժամը 5։00-ին հարցազրոյցը պիտի սփռուի «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանէն։