ԼՈՒՐԵՐ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԷՆ

Ճեմարանի մանկամսուրը այս տարեշրջանին (մինչեւ Յունուար 2012) ունի 25 փոքրիկներ, բաժնուած 2 դասարաններու՝ 1-2 տարեկան եւ 2-3 տարեկան։ Փոքրիկները կը հետեւին մանկավարժական յատուկ ծրագրի մը՝ հսկողութեամբ փորձառու եւ մասնագիտացած անձնակազմի մը։ Փոքրիկները հոն կը սնանին իրենց տարիքին յատուկ սննդարար ուտելիքներով (նախաճաշ, ճաշ, պտուղ)՝ բոլորը պատրաստուած Նորսիկեան մանկապարտէզի արդիական խոհանոցին մէջ։ Մանկամսուրի երեխաները կ՚արժանանան իրենց ուսուցիչներուն հոգատար ու գուրգուրալի վերաբերումին։ Ընկերական ուրախ մթնոլորտի մէջ անոնք կը դառնան ինքնաբաւ ու կը զարգացնեն իրենց բառամթերքը։ Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2011-ին տեղի ունեցաւ մանկամսուրի փոքրիկներուն կաղանդի տօնակատարութիւնը՝ ծնողներուն ներկայութեամբ։ Անոնք երգեցին, պարեցին ու դիմաւորեցին Կաղանդ Պապուկը։ Երեքշաբթի, 3 Յունուար 2012-ին, մանկամսուրի փոքրիկները վերադարձան դպրոց։